Վահէն
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Բազմաթիւ մարդոց համար «Մենախօսութեան վարպետը», ուրիշներու համար` դերասանը, բեմադրիչը, վիպագիրը, գեղանկարիչը, իսկ ինծի համար` այս բոլորը, առաւել` անկեղծ բարեկամ մը:
Վահէին հետ բարեկամութիւնս կ՛երթայ քանի մը տասնեակ տարիներ ետ: Պէյրութի «Փորձառական թատրոն»-ի անդամ էինք երկուքս ալ: Ինք` դերասան, իսկ ես` միշտ բեմի ետին, քուլիսային աշխատող, որպէս երաժշտական բաժինի պատասխանատու:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսած է: Առաջին գաղթողներէն եղան թատերախումբի սիւներէն Վահէ Պէրպէրեանը եւ Արա Մածունեանը: Վահէն նախ հաստատուեցաւ Քանատա, ապա, կարճ ժամանակ ետք, չդիմանալով ցուրտ օդին, շունչը առաւ տաքուկ Քալիֆորնիա:
Քանատա գտնուած կարճ ժամանակամիջոցին ներկայացուցած է իր իսկ գործերէն «Գիշերուան այցելուն», որ արժանացած է երեք մրցանակներու:
Հազիւ Լոս Անճելըս հաստատուած` քանի մը ընկերներով հիմնած է Լոս Անճելըսի «Փորձառական թատրոնը»` միշտ իր կողքին ունենալով իր կողակիցը` Պեթին, իբրեւ բեմադրութեան օգնական, եւ Լիբանանի օրերէն մօտ ընկերը` Արա Մածունեանը: Իր իսկ գրութիւններէն ներկայացուցած են «Վարդագոյն փիղը», «Աւազախրում», «200», «Պարոն Կարպիս» եւ «Կեանք» թատերախաղերը, որոնք բոլորն ալ անխտիր արժանացած են թատերասէր հասարակութեան գնահատանքին: Յիշենք, որ «Վարդագոյն փիղը» թարգմանուած է անգլերէնի եւ բեմականացուած` Լոնտոնի, Սաքրամենթոյի եւ Լոս Անճելըսի մէջ, իսկ վերջերս թարգմանուած է յունարէնի եւ ներկայացուած` Աթէնքի քաղաքապետական թատրոնին մէջ:
Լոս Անճելըսի մէջ ուսանած է լրագրութիւն եւ աւարտած` բացառիկ յիշատակութեամբ, սակայն Վահէին նպատակը լրագրող ըլլալ չէ, իր իսկ խօսքերով` «Լրագրութիւն ուսանեցայ պարզապէս անգլերէն լեզուս զարգացնելու նպատակով», քանի որ միշտ մտքին մէջ ունեցած է անգլերէնով գրել թատերախաղեր եւ շարժանկարի համար կտորներ:
Եւ յաջողեցաւ: Վահէն որքան որ հանրածանօթ է հայերու մօտ, նոյնքան յայտնի դէմք է ամերիկեան ֆիլմարուեստի շրջանակներու մէջ: Փոքր դերեր վերցուցած է աւելի քան 30 ամերիկեան ժապաւէններու մէջ: Վահէն, ինչ որ ընէ, լաւը կ՛ընէ: Իր քով միջակութիւն բառը գոյութիւն չունի: Վերջերս ամերիկեան շարժապատկերի մը մէջ դեր վերցուցած էր` որպէս ուտ նուագող, սակայն չուզեց պարզապէս մատները շարժելով ձեւացնել, թէ ուտ կը նուագէ: Երկար աշխատեցաւ եւ նուագել սորվեցաւ այդ բաւականին դժուար գործիքը: «Մէյ մը, որ սկսայ նուագել այդ գործիքը, որ ժամանակին մտքիս ծայրէն իսկ չէի անցըներ, կարծես սիրահարեցայ այդ գործիքին, եւ ձեռքէս վար չեմ կրնար ձգել»:
Լոս Անճելըսի մէջ մնայուն թատրոն պահել դիւրին գործ չէ, սակայն Վահէն երկար տարիներ կրցաւ ժողովուրդին ներկայացնել հիանալի թատերական կտորներ` շրջապատուած տաղանդաւոր դերասաններով, ապա, տասնեակ մը տարիներ առաջ, սկսաւ պատրաստել մենախօսութիւններու շարք մը, որ անհաւատալի ընդունելութեան արժանացաւ ոչ միայն Լոս Անճելըսի, այլ համայն աշխարհի մէջ, ուր հայկական գաղութ գոյութիւն ունի: Իր մենախօսութիւններէն կարելի է յիշել «Եւ այլն», «Նաեւ», «Տակաւին», «Սակայն», իսկ նորագոյնը` «Եթէ»-ն:
Անոնք մեր առօրեան կը ներկայացնեն, այնքան պարզ, սակայն իրականութեան մէջ` այնքան խորունկ կերպով: Բոլորին նիւթերը առնուած են մեր առօրեայ կեանքէն: Շատ անգամ կը խօսի իր մօրը մասին, Վահէին մայրը իսկական հայ մօր մը տիպարն է, բարի ու միամիտ: Կը խօսի իր հօրը մասին:
Հայր ու տղայ բնաւորութեամբ եւ ապրելակերպով այնքան տարբեր են իրարմէ: Վահէն մինչեւ մէջքը երկար հիւսուած մազերով, մատներուն քանի մը մատանիներով, ականջներուն` օղ, իսկ պարոն Րաֆֆի` Վահէին հայրը, նոյնիսկ իր տան մէջ միշտ ճերմակ շապիկ հագած եւ փողկապը վիզը: Սակայն հայր ու տղայ ունին նոյն հետաքրքրութիւնը` հանդէպ հայ գրականութեան:
Վահէ Պէրպէրեան վիպասանը: Երկու սքանչելի հատորներու հեղինակն է Վահէն: «Նամակներ Զաաթարէն» եւ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ»:
Երկու հատորներն ալ լեցուն են «հիւմուրով» եւ գրուած են մաքուր գրական լեզուով: Անոնք պարզ վէպեր չեն, փիլիսոփայութիւն են եւ կեանքը ներկայացուած է ամենայն մանրամասնութեամբ: Երկու հատորներն ալ սպառած են, եւ «Նամակներ Զաաթարէն»-ին երկրորդ հրատարակութիւնը վերջերս լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ, իսկ «Յանուն Հօր եւ Որդւոյ» թարգմանուած եւ հրատարակուած է թրքերէն, Պոլսոյ մէջ: «Տարիներ առաջ առաջարկեցին թարգմանել այս գործս, սակայն պայման դրին, որ «ցեղասպանութիւն» բառը վերցնեմ», կ՛ըսէ Վահէ աւելցնելով` «Ստորակէտ մը նոյնիսկ հրաման չեմ տար, որ փոխէք, ուր մնաց վերցնել ցեղասպանութիւն բառը»:
Գործը թարգմանուեցաւ եւ հրատարակուեցաւ յար եւ նման բնագիրին:
Գեղանկարիչը: Վահէ իր իւղանկարներով ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ Լոս Անճելըսի եւ տարբեր քաղաքներու մէջ: Վերացական են բոլորը: Ինծի համար` անհասկնալի: Օր մը, երբ Վահէի տունն էի, «Վահէ, քու բոլոր գործերդ կը հաւնիմ ու կը գնահատեմ անխտիր, սակայն իբրեւ անկեղծ բարեկամ, խոստովանիմ, որ իւղանկարներէդ շատ բան չեմ հասկնար»:
Ժպտաց: Միասին գացինք իր արուեստանոցը: Քանի մը բացատրութիւններ տուաւ իր գծագրութիւններուն մասին եւ … ամէն ինչ յստակացաւ: Լման գիրք մը գրուած է այդ մէկ հատիկ իւղանկարին մէջ: Խօսուն պատմութիւն մըն է:
Վահէին հետ շատ չենք տեսնուիր: Բազմազբաղ է: Շատ կը ճամբորդէ, սակայն իրարու հետ միշտ կապի մէջ ենք` ըլլա՛յ ե-նամակով, ըլլա՛յ հեռաձայնով:
Մեր հեռաձայնային խօսակցութիւնը միշտ կը սկսի «ղուրպան»-ով ու կը վերջանայ «պաչիկներ»-ով:
Ով է Վահէն, Պէրպէրեան Վահէն:
Էութեամբ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ Վահէն:
Լոս Անճելըս, 2013