Ֆրանսական Ակումբները` Ընդդէմ Երկրի Կառավարութեան

Ֆրանսական արհեստավարժ ֆութպոլի ակումբներուն պատասխանատուները որոշած են պոյքոթի ենթարկել 29 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր երկարող ժամանակամիջոցին տեղի ունենալիք մրցումները, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը:

Կը նշուի, որ վերոնշեալ ժամանակամիջոցին Ֆրանսայի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումները պիտի չկատարուին` իբրեւ բողոք Ֆրանսայի կառավարութեան ծրագիրներուն դէմ, ըստ որոնց, կը նախատեսուի մինչեւ 75 առ հարիւրի բարձրացնել տարեկան աւելի քան մէկ միլիոն եւրօ շահող անձերուն եկամուտներէն գանձուող տուրքերուն տոկոսները: Այդ ծրագիրներուն ընդդիմացողներուն պնդումով, անոնց կիրարկումը լրջօրէն կրնայ վնասել ֆութպոլի ակումբներուն պիւտճէին:

Արհեստավարժ ակումբներու յանձնախումբի նախագահ Ժան-Փիեռ Լուվել, «Լ՛Էքիփ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Խօսքը կը վերաբերի ֆրանսական ֆութպոլը փրկելուն` նկատի ունենալով, որ խումբերը տարեկան 750 միլիոն եւրոյի զուտ շահ մը կ՛ապահովեն պետութեան, որմէ բացի 130 միլիոն կը յատկացուի արհեստավարժ ֆութպոլին, ինչպէս նաեւ տարեկան հազարաւոր բարեգործական ձեռնարկներ կը գործադրուին:

Իր լուրը եզրափակելով` հայկական աղբիւրը կը նշէ, որ Ֆրանսայի արհեստավարժ ֆութպոլի լիկան, ինչպէս նաեւ մարզիկներուն եւ մարզիչներուն յանձնախումբերը, կը պաշտպանեն ակումբներու նախագահներուն կառավարութեան որոշումին դէմ դուրս գալու այդ նախաձեռնութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )