Ինցակի Կրնայ Ստանձնել Ա. Սէ. Միլանի Մարզիչի Պաշտօնը
Իտալական մամուլին համաձայն, Ա. Սէ. Միլանի եւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին նախկին յառաջապահ Ֆիլիփօ Ինցակի կրնայ ստանձնել ակումբի մարզիչի պաշտօնը` փոխարինելով Մասիմիլիանօ Ալեկրին, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով կրնայ պաշտօնանկ ըլլալ:
Այժմ 40 տարեկան Ինցակի, որ 2001-էն 2012 մաս կազմած է Ա. Սէ. Միլանի, կը մարզէ ակումբին մանկապատանեկան խումբը:
Նշենք, որ «Քալչիօ»-ի 9-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ա. Սէ. Միլան, ապահովելով միայն 11 կէտ, կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 10-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

