Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի Ա. դասակարգի (5-րդ հանգրուան) եւ Բ. դասակարգի (3-րդ հանգրուան) ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքները:
Վաւերացուեցան նաեւ երիտասարդներու եւ կրտսերներու ախոյեանութեան 2-րդ եւ 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները:
Ինչ կը վերաբերի այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն, ֆետերասիոնին հրապարակած յայտագիրը հետեւեալն է.
Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 6-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՇԱԲԱԹ, 2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռասինկ – Սալամ Զղարթա 2:15 Պէյրութ
Թրիփոլի – Մապարրա 2:15 Թրիփոլի
Ահտ – Թատամոն Սուր 3:30 Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Ախա Ահլի Ալէյ – Շապապ Սահել 2:15 Սաֆա
Իժթիմահի – Անսար 2:15 Թրիփոլի
Նըժմէ – Սաֆա 3:30 Մարզական Աւան
Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ՈՒՐԲԱԹ, 1 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Նեպի Շիթ – Ամալ Թրիփոլի 2:15 Նեպի Շիթ
Հարաքեթ Շապապ – Նահտա Պար Էլիաս 2:15 Զղարթա
ՇԱԲԱԹ, 2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Թատամոն Պէյրութ – Ռիատա Ուալ Ատապ 2:15 Ահտ
ԿԻՐԱԿԻ, 3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ
Խըյուլ – Շեպիպեթ Մազրաա 2:15 Նըժմէ
Ահլի Սայտա – Սաժես 2:15 Սայտա
Շապապ Ղազիէ – Շապապ Թրիփոլի 2:15 Քֆարժոզ
Ինչ կը վերաբերի կախակայուած մարզիկներուն, իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար մէկական մրցումով կախակայուածները եղան բաւական:
Ախա Ահլի Ալէյի մարզիկներէն Տիեկօ տա Օլիվէյրա երեք մրցումով կախակայուեցաւ` մրցակից կազմի մը մարզիկներէն մէկը զարկած եւ կարմիր քարտ մը ստացած ըլլալուն պատճառով:
Ահլի Նապաթիէի պատասխանատուներէն Մըհսեն Սապահ մէկ տարիով կախակայուեցաւ` ֆետերասիոնին հայհոյած ըլլալուն պատճառով:
Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով Նահտա Պար Էլիաս 500 հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:
Երեք մրցումով կախակայուեցաւ նաեւ Շեպիպեթ Մազրաայի մարզիկներէն Իզզաթ Խալիլ, որ կարմիր քարտ մը ստացած էր իրաւարարին հրած ըլլալուն պատճառով:
Շապապ Ղազիէ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ Թատամոն Սուրի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (կրտսերներու ախոյեանութիւն) անիկա դաշտ ներկայացուց կախակայուած մարզիկ մը (Ահմետ Ապպաս Հասսուն): Շապապ Ղազիէ նաեւ 2-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ այդ մրցումին:

