Ծնունդով Պրազիլցի Քոսթա Որոշեց Կրել Սպանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Շապիկը
Աթլեթիքօ Մատրիտի մաս կազմող ծնունդով պրազիլցի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթա պաշտօնապէս ստորագրեց նամակ մը, որուն մէջ որոշեց մաս կազմել Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ ոչ թէ Պրազիլի կազմին:
25 տարեկան Քոսթայի այս նամակը ուղղուած է Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժուլիօ Սեզար Աւելատայի:
Այս տարեշրջանի «Լա լիկա»-ի 10 մրցումներուն ընթացքին 11 կոլ նշանակած Քոսթա, նախապէս տեսակցութիւն մը ունենալով Սպանիոյ մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէի հետ, գրեթէ տուած էր իր որոշումը, որ կ՛ուզէ միանալ իր կազմին:
Սակայն Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժոզէ Մարիա Մարեն յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ այս քայլը իրենց համար ընդունելի պիտի չըլլայ, որովհետեւ ինք անհրաժեշտ բոլոր օրինական միջոցներուն պիտի դիմէ, որպէսզի արգելք հանդիսանայ Քոսթայի` Սպանիոյ խումբին միացումին:
Մինչ ան ըսաւ, որ պիտի պայքարի մինչեւ հասնի իր նպատակին, անդին Պրազիլի մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարիի օգնականը` Քարլոս Ալպերթօ Փարէյրա, ըսաւ, որ իրեն համար Քոսթայի էջը փակուած է:

