«Էն. Պի. Էյ.». Ախոյեան Հիթ Յաղթանակով Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

Մայեմի Հիթ – Շիքակօ Պուլզ մրցումէն

Երէկ` չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին սկսաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2013-2014 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան բացման երեք մրցումներ:

Ախոյեան Մայեմի Հիթ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 107-95 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Շիքակօ Պուլզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Լեպրըն Ճէյմս նշանակեց միայն 17 կէտ, մինչ Պուլզի մարզիկ Քարլոս Պուզըր` 31 կէտ:

Ինտիանա Փէյսըրզ իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 97-87 արդիւնքով յաղթեց Օրլանտօ Մեճիքի` Ինտիանափոլիսի մէջ: Փոլ Ճորճ (Փէյսըրզ) նշանակեց 24 կէտ:

Վերջապէս, երէկուան երրորդ եւ վերջին մրցումին, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 116-103 արդիւնքով յաղթեց Լոս Անճելըս Քլիփըրզի:

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պրուքլին Նեթց
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մայեմի Հիթ
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Պոսթըն Սելթիքս
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Նիւ Եորք Նիքս – Միլուոքի Պաքս
Հիուսթըն Ռոքեթց – Շարլոթ Հոռնեթց
Մինեսոթա Վուլվզ – Օրլանտօ Մեճիք
Նիւ Օրլինզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Աթլանթա Հոքս
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Եութա Ճեզ – Օքլահոմա Սիթի
Ֆէոնիքս Սանզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տենվըր Նակեթց
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ

 

Share this Article
CATEGORIES