1-2 Նոյեմբերին. Անթուան Շուէյրիի Անուան Փինկ Փոնկի Վեթերաններու Մրցաշարքը

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ 1-2 նոյեմբերին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ Անթուան Շուէյրիի անուան փինկ փոնկի վեթերաններու մրցաշարքը (տղաք):

Սակայն ֆետերասիոնը կու գայ տեղեկացնելու, որ իր կազմակերպութեամբ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ միայն անոնք, որոնք ֆետերասիոնին տոմարներուն վրայ չեն ստորագրած, որեւէ ակումբի մաս չեն կազմեր եւ այս տարի որեւէ մրցաշարքի չեն մասնակցած (ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած):

Տեղի պիտի ունենան երկու դասակարգի մրցումներ: Առաջինը` 40-49 տարեկան (1964-1973-ի ծնունդ), իսկ երկրորդը` 50 տարեկանէն վեր (1963-ի ծնունդ եւ վեր):

Այս մրցաշարքին մասնակցիլ փափաքողները իրենց անունները կրնան ուղարկել ֆետերասիոնին հետեւեալ կայքէջի հասցէին` [email protected] եւ կամ հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 04-402926 եւ 09-211364:

Նշենք, որ մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 1 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին` Մոն լա Սալի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )