Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի Գեղանկարչական Գործերու Ցուցահանդէսի Բացում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին եւ հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, բացումը կատարուեցաւ Վահէ Պէրպէրեանի ցուցահանդէսին` ներկայութեամբ արուեստասէրներու, արուեստագէտներու եւ երիտասարդութեան հոծ բազմութեան:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ցուցասրահի անձնակազմէն Սիւզի Տէրտէրեան: Ան յայտնեց, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը այսօր կը հիւրընկալէ բազմատաղանդ եւ ժողովրդային արուեստագէտ, բոլորին կողմէ սիրուած Վահէ Պէպէրեանը:  Տէրտէրեան նշեց, որ անցնող տարիներուն Վահէ Պէրպէրեան զանազան առիթներով գտնուած է Լիբանան եւ ներկայացուցած բազմաթիւ ելոյթներ, սակայն այս անգամ լիբանանահայ արուեստասէր հանրութիւնը առիթը պիտի ունենայ ծանօթանալու անոր գեղանկարչական տաղանդին ու վաստակին, որ համալրումն է իր արուեստի ներաշխարհին: Ան աւելցուց, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ կայացող այս ցուցահանդէսը, ինչպէս յառաջիկայ օրերու ներկայացումները, անկասկած որ մեր գաղութի կեանքը պիտի ջերմացնեն ու մեզի պարգեւեն արուեստի անմոռանալի եւ յիշատակելի պահեր: Տէրտէրեան ցուցասրահի տնօրէնութեան անունով յաջողութիւն եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց արուեստագէտին:

Ռազմիկ Պերթիզեան

Ապա արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանը ներկայացուց Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» ակադեմիայի տնօրէն, արուեստագէտ Ռազմիկ Պերթիզեանը: Ան յայտնեց, որ Վահէ Պէրպէրեանի թատերական եւ գեղանկարչական գործունէութեան մէջ մնայուն զուգահեռ մը կայ: Առաջին հայեացքով թերեւս կ՛ունենանք այն զգացումը, որ Վահէ Պէրպէրեան պարզութեամբ կը դիտէ ամէն ինչ, սակայն այդ մէկը իրականութեան համապատասխանող չէ, որովհետեւ ան ունի այն մեծ տաղանդը, որով կը յաջողի ամէն տեղ խորքայինը պեղել, գտնել, մակերես հանել եւ իւրայատուկ ոճով ու պարզութեամբ ներկայացնել մեզի: Պերթիզեան երախտագիտութիւն յայտնեց արուեստագէտին` հաստատելով, որ ան միշտ ալ Լիբանանի մէջ իր ներկայացումներու կազմակերպումը կը վստահի Համազգայինի ընտանիքին:

Իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Վահէ Պէրպէրեան: Ան յայտնեց, որ մարդկային բոլոր ապրումները կը մտնեն արուեստագէտի ներաշխարհին մէջ եւ անոնց միախառնումով դուրս կու գան այս պաստառները: Այդ իսկ պատճառով արուեստագէտին համար դժուար է բացատրութիւններ տալ իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան մասին, որովհետեւ բոլորն ալ ամբողջական ապրումներու դրսեւորումներն են:

Պէրպէրեան հաստատեց, որ ինք զանազան երկիրներու մէջ, մեծ թիւով օտար ցուցասրահներու մէջ  ցուցահանդէսներ ունեցած է. սակայն այս ցուցահանդէսը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի իր կեանքին մէջ, որովհետեւ ինքզինք հարազատ կը զգայ իր ծննդավայր  Լիբանանի եւ Համազգայինի այս ջերմ յարկին տակ:

Այս ցուցահանդէսին Վահէ Պէրպէրեան կը ներկայացնէ 36 արուեստի գործեր: Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ կիրակի, 3 նոյեմբեր ներառեալ , ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )