Անթիլիասի Տպարանէն Լոյս Տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ե. Հատոր»-ը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ շարական Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ե. հատոր»-ը, որ կը բովանդակէ Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցի, Ս. Ծննդեան ութօրէից եւ Տեառնընդառաջի կանոնները, ինչպէս նաեւ Ծննդեան ալելուքները:
Եղանակներու նոթագրութիւնը նախորդ աշխատանքներուն հետեւողութեամբ կատարուած է` պահելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ երգուած աւանդական հարազատութիւնը: Սոյն հատորին հրատարակութեան համար, համակարգիչի վրայ նոթագրութիւնը սիրայօժար կատարեց Սարգիս Յովհաննէսեան:
Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինումով, սոյն հատորը անդրանիկ հրատարակութիւն կը դառնայ «Զարեհ արք. Ազնաւորեան» հրատարակչական ֆոնտին:
CATEGORIES Գաղութային

