Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցինեու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համագումարին

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համաժողովը, որ կը գումարուի եօթը տարին անգամ մը, տեղի պիտի ունենայ Պուսանի մէջ, Հարաւային Քորէա, 30 հոկտեմբերէն մինչեւ 10 նոյեմբեր 2013:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը պիտի բաղկանայ ինը պատգամաւորներէ եւ երկու երիտասարդ մասնակիցներէ.

Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Իրան (Առաջնորդ Թեհրանի հայոց թեմին):

Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Լիբանան (վարիչ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժանմունքին):

Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Միացեալ Նահանգներ (վարիչ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու միջեկեղեցական յարաբերութեանց):

Թենի Սիմոնեան, Զուիցերիա (ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Եւրոպայի միջեկեղեցական յարաբերութեանց):

Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան, Լիբանան (ատենապետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միջեկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբին):

Իրաւաբան Վանա Կիտցինեան, Միացեալ Նահանգներ (անդամ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբին):

Իրմա Պալեան, Լիբանան (անդամ կաթողիկոսարանի երիտասարդական յանձնախումբին):

Նազելի Գանտահարեան, Լիբանան (անդամ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան վարչութեան):

Քրիսթին Արզումանեան, Լիբանան (անդամ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան վարչութեան):

Կրէյս Օհանեան, Լիբանան (անդամ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան վարչութեան):

Ակաթա Աբրահամեան, Իրան (անդամ Թեհրանի Հայ եկեղեցւոյ երիտասարդներու միութեան):

Պատգամաւորներէն չորսը համաժողովի յանձնախումբերուն մէջ եւս պիտի ծառայեն: Սեպուհ սրբազան` ընտրողական յանձնախումբ, Նարեկ սրբազան` համադրող յանձնախումբ, Թենի Սիմոնեան` ծրագրումի յանձնախումբ եւ դոկտ. Նորա Գապագեան` ընկերային-քաղաքական հարցերու յանձնախումբ:

Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ հրաւէր ստացած էր մասնակցելու յիշեալ համաժողովին, սակայն բազմազբաղ ըլլալով պիտի չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել: Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետը 15 տարի (1991-2006) երկու շրջան վարած է Եկեղեցիներու համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց ատենապետութիւնը, որ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի բարձրագոյն պաշտօնն է:

 

Share this Article
CATEGORIES