Էշթըն Եւ Ֆիւլէ Շնորհաւորած Են Մարկվելաշվիլին

Ֆիւլէ եւ Էշթըն

Վրացական «Ափսնի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի յանձնակատարներ Քեթրին Էշթըն եւ Շթեֆան Ֆիւլէ շնորհաւորած են Կէորկի Մարկվելաշվիլին` Վրաստանի նախագահ ընտրուելուն առիթով:

«Կը շնորհաւորենք Կէորկի Մարկվելաշվիլին` ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակին առիթով: Մենք կը շնորհաւորենք վրացի ժողովուրդը ուժեղ ժողովրդավարական յատկութիւններ ցուցադրելուն համար: Կ՛ողջունենք ԵԱՀԿ-ի նախնական եզրակացութիւնը ընտրական հոլովոյթին առնչութեամբ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յանձնակատարները նոր նախագահին կոչ ուղղած են աշխատելու վարչապետի, կառավարութեան, խորհրդարանի, ներառեալ` ընդդիմադիր եւ քաղաքացիական հատուածին հետ` Վրաստանի մէջ հաստատութենական պետութեան կառուցման ուղղութեամբ բարեփոխումներու յաւակնոտ նախագիծը շարունակելու համար:

«Ափսնի» նաեւ կը հաղորդէ, որ Վրաստանի գործող նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնած է, որ Վրաստան յաջողած է անվտանգութեան կառոյցներէն հեռացնել ռուս գործակալները:

Ըստ անոր, իր կառավարութիւնը ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ հիանալի յարաբերութիւններու հիմք դրած է, սակայն «մենք մեծ խնդիրներ ունինք հիւսիսային դրացիին հետ»:

«Մենք պէտք է խօսինք անոր հետ: Մեզի անպայման խաղաղութիւն պէտք է, սակայն պատերազմի բացակայութիւնը խաղաղութիւն չի նշանակեր: Խաղաղութիւնը կարելի չէ փոխանակել նուաճողին նկատմամբ հնազանդութեան հետ, զայն կարելի չէ գնել անկախութեան գնով: Ձեզմէ կը խնդրեմ` ոչ մէկուն կարելիութիւն մի՛ տաք մեր գերիշխանութիւնը զոհաբերել, թոյլ մի՛ տաք ռուս գործակալներուն վերադառնալու կարելիութիւն ունենալ, երբեք մի՛ հրաժարիք ՕԹԱՆ-էն եւ Եւրոպական Միութենէն», ըսած է Սահակաշվիլի` աւելցնելով, որ ատիկա կրնայ առաջնորդել միայն քաոսի եւ անկախութեան կորուստի:

Վրաստանի նախագահը յիշեցուցած է, որ երբ ինք իշխանութեան եկած է, երկիրը մասնատուած էր. Աճարիան կը կառավարէր «տեղւոյն բռնակալը», հայերով բնակուած շրջանը եւ Փանքիսի կիրճը փաստացիօրէն չէին վերահսկուեր կեդրոնական իշխանութիւններուն կողմէ… Այդ ժամանակուան կառավարութիւնը ամէն ինչ կատարած է երկիրը միաւորելու համար:

«Մենք նուաճեցինք սրտերը այն մարդոց, որոնք իրենք զիրենք հեռացուած կը զգային` այդ ձեւով միաւորելով երկիրը: Ռուսական շրջափակումը մեզի չարտօնեց նոյն բանը ընել մեր աբխազ եւ օս եղբայրներուն համար: Սակայն ռուսական շրջափակումը, հաշուի առնելով բազմաթիւ գործօններ, պիտի աւարտի մօտակայ տարիներուն ընթացքին, եթէ կարենանք ստեղծել գրաւիչ բնորդ` բաց, արագ զարգացող երկիր», ընդգծած է Միխայիլ Սահակաշվիլի:

Ըստ անոր, անոնք, որոնք կ՛ըսէին, որ «պէտք է իսլամներուն, ձեր ազրպէյճանցի կամ հայ եղբայրներուն վրայ յարձակիլ», Վրաստանի միասնութեան եւ միաւորման թշնամին են, անոնք Ռուսիոյ խաղը կը խաղան:

Նշենք, որ Սահակաշվիլի երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը Պրիւքսէլ ուղղուեցաւ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )