«Որոշեցինք Պաղեստինցի Գերիներու Ազատ Արձակման Փոխարէն Բնակեցման Համալիրներ Կառուցել» Կը Յայտարարէ Նեթանիահու
Գերիներու հարցով պաղեստինցի նախարար Իսա Քարաքեհ յայտարարեց, որ Իսրայէլ երէկ արշալոյսին ազատ արձակած է պաղեստինցի 26 գերիներ, որոնք աւելի քան քսան տարիէ ի վեր արգելափակուած էին, եւ զանոնք յանձնեց պաղեստինեան կողմին:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Այսրյորդանանի գերիները Ռամալլայի մէջ դիմաւորելու ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւն պիտի չգոյանայ, երբ մինչեւ իսկ մէկ գերի գոյութիւն ունի:
Ան նշեց, որ «ոչ հայրենասէրներ» այն տարաձայնութիւնը կը տարածեն, որ իրենք բնակեցման աշխատանքները չդադրեցնելու համամտութիւն յայտնելու փոխարէն պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են: Ան շեշտեց, որ բնակեցումը մերժելի է:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Երուսաղէմի մէջ հարիւրաւոր բնակեցման համալիրներ կառուցելու որոշումը պաղեստինցի գերիներու ազատ արձակման «փոխհատուցման» համար է:
Պաղեստինեան իշխանութիւնը դատապարտեց Երուսաղէմի մէջ բնակեցման նոր շէնքեր կառուցելու որոշումը: