Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ ընդունեց երեսփոխան Խալետ Զահրամանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Լիբանանի վերաբերող զարգացումները:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի եւ Յունաստանի դեսպաններ Փաթրիս Փաուլին եւ Քեթրին Պուրան, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան եւ երկու երկիրներու դեսպաններուն միջեւ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրին թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ` հասնելով մինչեւ Թըպնին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան մտավախութիւն յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ որդեգրուած աշխատանքները խոչընդոտելու եւ սահմանադրական ժամկէտները խախտելու արարքները շարունակուին` հասնելով մինչեւ նախագահական ընտրութիւնները:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, պենզինի եւ մազութի թիթեղներուն սակը արձանագրած է 100 լ. ոսկիի, իսկ պիւթակազի սակը` 400 լ. ոսկիի նուազում:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա երբեք տրամադիր չէ Քալամունի մէջ զինուորական գործողութիւններու մասնակցելու:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին շեշտեց, որ երբ շրջանին մէջ քրիստոնեաներու գոյութիւնը սպառնալիքի դէմ յանդիման կը գտնուի, սա կը նշանակէ, թէ ամբողջ շրջանը սպառնալիքի դիմաց կը գտնուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ կոչ ուղղեց Թրիփոլին վերածելու բռնարարքներէ զերծ քաղաքի մը:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ կառավարութիւն մը, որովհետեւ Լիբանան այս ձեւով չի կրնար շարունակել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի պահանջեց լուծել Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան բանակը դիրքաւորուի Սուրիա-Լիբանան սահմաններուն մօտակայքը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Միշել Մուսա կոչ ուղղեց լուրջ երկխօսութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին քաղաքական մթնոլորտն ու պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը աշխուժացնել:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութիւնը կոչ ուղղեց կազմելու համախմբող կառավարութիւն մը` երկիրը քանդումէ փրկելու համար:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մօտիկ ապագային հանդիպում մը ունենան` քննարկելու համար յառաջիկայ հանգրուանին հեռանկարները:

