Ըստ Ամերիկեան Դեսպանատան. Սուրիոյ Տագնապին Հըզպալլայի Միջամտութիւնը Կը Սրէ Համայնքային Լարուածութիւնը

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումներուն առնչութեամբ, յատկապէս Թրիփոլիի պարագային:

Հաղորդագրութեան մէջ ինքնազսպումի ենթարկուելու կոչ ուղղուեցաւ` լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն:

Ամերիկեան դեսպանատան հաղորդագրութիւնը ընդգծեց Թրիփոլիի մէջ բռնարարքները կասեցնելու եւ Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը` նկատել տալով միաժամանակ, որ Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1559 եւ թիւ 1701 բանաձեւերուն, ինչպէս նաեւ «Պաապտայի յայտարարութեան»:

Հաղորդագրութիւնը խստիւ դատապարտեց Թրիփոլիի մէջ բանակը թիրախ դարձնելու արարքը` դրուատելով բանակին դերակատարութիւնն ու անոր զոհողութիւնները:

Հաղորդագրութեան մէջ մտահոգութիւն յայտնուեցաւ, որ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի միջամտութիւնը կրնայ սրել համայնքային լարուածութիւնը եւ սպառնալ Լիբանանի ապահովութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )