Մանսուր Սուրիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովին Կապուած Հարցեր

Մանսուր եւ Ալի

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները,  Սուրիոյ տագնապը քննարկելու նպատակով գումարուելիք «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ սուրիական բանակին արձանագրած յաղթանակներն ու սուրիացի ժողովուրդին հետզհետէ աւելի ամրապնդուող կամքը:

Հանդիպումէն ետք դեսպան Ալի շեշտեց Սուրիոյ յանձնառութիւնը Լիբանանի ապահովութեան նկատմամբ:

«Անշուշտ քննարկեցինք երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը եւ երկու երկիրներու սահմաններուն հսկողութիւնը խստացնելու անհրաժեշտութիւնը», ըսաւ Ալի:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ կայ միջազգային նախանձախնդրութիւն մը, որ կը մղէ գումարելու «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը` նկատի ունենալով Սուրիոյ քայքայման վրայ դրուած գրաւներուն ձախողութիւնը:

Ալի աւելցուց, որ այս մօտեցումը արդիւնք է այն համոզումին, որ Սուրիոյ տագնապին պէտք է քաղաքական լուծում մը գտնել:

«Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութիւնն ու քանդումը կասեցնելու միջազգային յանձնառութիւն գոյութիւն ունի», հաստատեց Ալի:

ՄԻՒՍ կողմէ, Մանսուր Ճաքարթայի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Ճոանա Ազզիէն իմացաւ, որ Ինտոնեզիոյ ծովամոյն նաւուն լիբանանցի զոհերուն թիւը 34 է եւ ոչ թէ 33: Նշենք, որ 34 դիակները այսօր կէսօրին պիտի հասնին Լիբանան:

Share this Article
CATEGORIES