Ժոմպլաթ. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Կորսնցուցած Են Ճակատամարտը»
«Տիար» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր այցելուներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին քննադատած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ` 9+9+6 տարազին հիման վրայ կառավարութիւն մը կազմելու առաջարկին նկատմամբ ցուցաբերուած մերժողական կեցուածքը:
«Հարիրի, անոր դաշնակիցները եւ մենք կորսնցուցած ենք ճակատամարտը, հետեւաբար աւելի լաւ է յարմարիլ միջազգային այս նոր իրավիճակին` մաս կազմելով Լիբանանի կառավարութեան, մինչեւ նոր հաւասարակշռութիւններու ձեւաւորումը», շեշտած է Ժոմպլաթ:
CATEGORIES Լիբանանեան

