Թրիփոլիի Մէջ Հաստատուած Մասնակի Կայունութիւնը Դարձեալ Խզուած Է

Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի շրջակայքը լիբանանեան բանակին դիրքաւորումէն եւ անոր իբրեւ արդիւնք Թրիփոլիի մէջ հաստատուած մասնակի հանդարտութենէն 24 ժամ ետք, հաստատուած այդ կայունութիւնը խզուեցաւ, երբ Ժապալ Մըհսենէն չորս երիտասարդներ իրենց աշխատանքէն տուն վերադարձի ճամբուն վրայ կրակոցի ենթարկուեցան:

Անոնցմէ երեքը Թալլի հրապարակին վրայ գտնուող բանակի անցարգելին մօտ կրակոցի թիրախ դարձան, իսկ չորրորդը` Զահիրիէ փողոցին վրայ:

Կրակոցներէն վիրաւորուած այս չորս երիտասարդներն են` Մոհամետ Ապտալլա, Նասեր Մահֆուզ, Պիլալ Մըհսեն եւ Ալի Մոհամետ Մոհամետ. անոնք փոխադրուեցան Զղարթայի հիւանդանոց:

Ըստ անպաշտօն տեղեկութիւններու, Պապ Թըպպանէի շրջաններու զինուորական պատասխանատուները որոշում տուած են, որ Ժապալ Մըհսենի բնակիչներուն արգիլուած է մուտք գործել Մալլուլէ, Ժահիլիէ, Պաքքար, Քըպպէ, Պարրանիէ, Մանքուպին, Շաարանի եւ Պապ Թըպպանէ շրջանները:

Պէտք է աւելցնել, որ բանակը հակադարձեց Ժապալ Մըհսենի երիտասարդներուն դէմ կրակ բացող զինեալներուն, որոնք սակայն փախուստ տուին դէպի Պապ Թըպպանէ, ուր բանակը տակաւին ներկայութիւն չէ:

Նկատի ունենալով Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ վերսկսած արձակազինութիւնը, բանակը փակեց որոշ ճամբաներ` կանխարգիլելու համար մարդկային վնասներու հաւանականութիւնը:

Աւելի ուշ Սուրիա փողոցը ձեռնառումբերու թիրախ դարձաւ:

Նշենք, որ երէկ երեկոյեան ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Թրիփոլիի մզկիթները թիրախ դարձուցած պայթումներուն հարցով հարցաքննութեան կանչած է Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ալի Իտը:

Յայտնենք, որ այդ թղթածրարին հետաքննութեան կը հսկէ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )