Պըրրի. «Պահանջուածը Ընտրական Նոր Օրէնք Մըն Է»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իր պաշտօնավարութիւնը երկարաձգած խորհրդարանին գլխաւոր պարտականութիւնն է ընտրական օրէնքի մշակումը:
Պըրրի վերահաստատեց, որ անհրաժեշտ է ամէնէն մօտիկ ապագային մշակել արդի ընտրական օրէնք մը` աւելցնելով, որ իրենք բոլորն ալ պատասխանատու են այդ պարտականութեան ամբողջացումին:
«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբէն խնդրեցի աշխուժացնել իր նիստերը եւ շարունակել ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը», ըսաւ Պըրրի:
Պըրրի շեշտեց, որ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները խոչընդոտող կողմերը Լիբանանը կը մղեն յաւելեալ քանդումի եւ սայթաքումի:
Միւս կողմէ, Պըրրի տարբեր լրատուամիջոցներու հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին յայտնեց, որ ինք մտահոգ է այն առումով, որ ոմանք կրնան խոչընդոտել ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առաքելութիւնը, ինչպէս որ այդ մէկը կը պատահի կառավարութեան կազմութեան պարագային:
Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պըրրի յայտնեց, որ ինք պատրաստ է ընդառաջելու Սինիորայի պահանջած որեւէ ժամադրութեան, իսկ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր յարաբերութեան անդրադարձող հարցումի մը պատասխանելով Պըրրի ըսաւ. «Ես չեմ տեսած դաւաճանուող ամուսին մը, որ այս աստիճան կը պաշտպանէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը, որոնք չեն գնահատեր այդ զոհողութիւնը»:


