Նախագահ Սլէյման Ողջունեց Թրիփոլիի Մէջ Հաստատուած Ապահովական Մասնակի Կայունութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ողջունեց Թրիփոլիի մէջ հաստատուած ապահովական մասնակի կայունութիւնը` շեշտելով, որ ցարդ արձանագրուած կայունութիւնը նահանջ պիտի չարձանագրէ:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցելու ապահովութեան ուժերուն հետ եւ քաղաքական տարակարծութիւնները հեռու պահելու երկրին ապահովական իրավիճակէն, որպէսզի լիբանանցի քաղաքացիին անվտանգութիւնը ապահովուի, եւ արտաքին հետեւանքներ անոր վրայ ազդեցութիւն չունենան:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանին, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանական աշխատանքի մթնոլորտը` նկատի ունենալով օրէնսդրական նիստերուն գումարումը մնայուն կերպով արգելակելու քայլերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին երեսփոխաններ Իսամ Ապու Ժամրա եւ Մուսթաֆա Հաշեմ, որոնք քննարկեցին երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու կառավարութեան կազմութեան սպառնացող խոչընդոտները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ բանակի հրամանատարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որ նախագահին յանձնեց Լիբանանի անկախութեան 70-ամեակին նուիրուած զինուորական տողանցքին նախագահելու հրաւէրը: