Վարչական Հարցերու Խորհրդարանական Յանձնախումբի Եւ Ընտրական Օրէնքը Մշակող Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբի Միացեալ Նիստ

Միացեալ նիստէն պահ մը

Վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը երէկ խորհրդարանին մէջ միացեալ նիստ մը գումարեց Ընտրական օրէնքի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբին հետ` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի եւ մասնակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի:

Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարներու պաշտօնակատարներ Մարուան Շարպել եւ Շաքիպ Քըրթպաուի:

Նշենք, որ այս նիստը գումարուեցաւ ընդառաջելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկին` ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու նպատակով:

Հանդիպումէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին որոշուած է սեղմ յանձնախումբ մը կազմել` քննարկելու համար կառավարութեան ներկայացուցած ընտրական օրէնքին մասին առաջարկուած բարեփոխումները:

Սեղմ յանձնախումբը իր Ա. նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 5 նոյեմբերին:

Ղանեմ նշեց, որ նիստէն ետք յայտարարութիւնները պէտք է ըլլան միայն իր յայտարարութիւնները` նկատի ունենալով իր ստանձնած պաշտօնը, սակայն նիստէն ետք կարգ մը երեսփոխաններ յայտնեցին, որ Ընտրական օրէնքի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբին առաքելութիւնը աւարտած է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )