Հասան Ճեմալ Կը Ցաւի Իր Պետութեան Գործած Յանցագործութիւններուն Համար

Հասան Ճեմալ

«Արմենփրես»` վկայակոչելով թրքական «Թի24» կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն Ճեմալ Փաշայի թոռը` Հասան Ճեմալ իբրեւ թրքական պետութեան գործած յանցագործութիւն կը նշէ 1915-ի դէպքերը եւ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը:

Ան Թուրքիոյ Հանրապետութեան տարեդարձին նուիրուած իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է պատմութեան ընթացքին պետութեան գործած մեղքերուն:

«90 տարի առաջ հանրապետութիւնը հիմնադրելու ժամանակ եթէ պահանջէին 1915-ի նման մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան հաշիւը, արդեօք այսօր Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութիւն, խաղաղութեան եւ ներքին հանգստութեան տեսակէտէ աւելի յառաջադէմ դիրքերու վրայ չէ՞ր ըլլար: Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրումէն ի վեր այս երկրին պատմութիւնը վերաշարադրելը արդեօք մեծ սխալ մը չէ՞», կը գրէ Ճեմալ:

Ան կը նշէ, որ 1915-1916 թուականներուն հայերուն պատկանող գոյքին եւ սեփականութեան տիրելը, որ հիմք հանդիսացաւ թրքական քաղքենիութեան ստեղծման, երբեք չուսումնասիրուեցաւ համալսարաններուն մէջ: «Կ՛ուզէք անուանեցէք կոտորած կամ Հայոց ցեղասպանութիւն կամ աքսոր կամ ալ ողբերգութիւն. օսմանեան պատմութեան ամէնէն արիւնոտ էջը նկատուող 1915-ի դէպքերուն պատասխանատուութիւնը Իթթիհատ վէ Թերաքքիէն պահանջելու փոխարէն այս մեղքը պետութիւնը իր վրայ վերցուց: Արդեօք Իթթիհատ վէ թերաքքիի գաղափարներէն եկող ուրուականները չե՞ն, որ 90 տարուան հանրապետական պատմութեան ընթացքին մեզի հանգիստ չեն տար…Անշուշտ հանրապետութիւնը յաջողութիւններ ալ ունի, սակայն պիտի գա՞յ արդեօք ժամանակ մը, երբ 90 տարի անցած, սակայն տակաւին ժողովրդավարանալ չկրցած մեր հանրապետութիւնը պիտի յիշենք ոչ միայն փառքով, այլ նաեւ իր մեղքերով», կ՛եզրափակէ Հասան Ճեմալ:

Հասան Ճեմալ, ըլլալով հայերու դէմ գործուած ոճիրի կազմակերպիչներէն մէկուն թոռը, բազմիցս յայտարարած է, որ 1915-ի դէպքերը կը ճանչնայ իբրեւ ցեղասպանութիւն: 2008-ին ան այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ դրած Եղեռնի զոհերու յուշարձանին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )