Տարօն Աճեմօղլուին Թուրքիոյ Նախագահի Մրցանակ Շնորհելը Թուրքիոյ Մէջ Դժգոհութիւն Յառաջացուցած Է

Տարօն Աճեմօղլու

«Արմենփրես» կը նշէ, որ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հաղորդած է, որ հռչակաւոր հայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուին Թուրքիոյ նախագահի մրցանակ յանձնելու իրողութիւնը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան շարք մը ներկայացուցիչներու շրջանակին մէջ դժգոհութիւն յառաջացուցած է:

Իշխող կուսակցութեան շարք մը անդամներ Թուրքիոյ նախագահի` հայ տնտեսագէտին այդպիսի մրցանակ շնորհելը անուանած են իբրեւ «վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ կառավարութեան ուղղուած պատգամ»: Անոնք յիշատակած են Կեզիի դէպքերուն ժամանակ ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ Աճեմօղլուի գրած յօդուածը, որ վերնագրուած էր հետեւեալ ձեւով. «Թուրքիոյ մէջ զարգացումը ժողովրդավարութեան պիտի չյանգեցնէ»: «Քանի մը հարիւր ցուցարարներու սկսած խաղաղ բողոքի ցոյցերը յառաջիկայ տարիներուն կրնան ժողովրդավարութիւն յառաջացնել…ճինը շիշէն դուրս եկած է: Այսուհետեւ ո՛չ ճինը, ո՛չ ալ թրքական ժողովրդավարութիւնը կրնան շիշի մէջ մնալ», գրած էր ան:

Տարօն Աճեմօղլու Թուրքիոյ նախագահի մրցանակին արժանացած է հասարակական գիտութիւններու մարզին մէջ «դասական աճի եւ զարգացման տնտեսութեան ու բնորդներու ցուցաբերած ուրոյն մօտեցումին» համար:

Տարօն Աճեմօղլու ծնած է 1967-ին, Պոլիս:

Share this Article
CATEGORIES