ՀՅԴ-ն Մասնակցեցաւ Ուաշինկթընի Մէջ Գումարուած Քրտական Խորհրդաժողովին

Երկուշաբթի, 28 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Քրտական դերը նոր Միջին Արեւելքի մէջ» խորագիրով խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան քիւրտ քաղաքական գործիչներ` Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ Իրաքէն: Անոնց կողքին նաեւ մասնակցեցան տեղացի արտաքին քաղաքականութեան մասնագէտներ:

Խորհրդաժողովը իր տեսակով առաջինն էր, որ կազմակերպուած էր Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն թրքական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու գրասենեակին կողմէ եւ կայացաւ «Նեշընըլ փրես քլապ»-ի կեդրոնին մէջ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ հայկական պատուիրակութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ խորհրդաժողովին եւ քիւրտ քաղաքական գործիչներու հետ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ հայ-քրտական յարաբերութիւնները խորացնելու միջոցներուն շուրջ:

Խորհրդաժողովի յայտագիրը կազմուած էր չորս խորագիրներ քննարկող նիստերէ, որոնք առիթ եղան բազմատեսակ կարծիքներու առողջ փոխանակման: Քննարկուած խորագիրներն էին` «Քիւրտերը փոփոխուող Միջին Արեւելքի մէջ», «Սուրիոյ քիւրտերը եւ ապագայի իրենց պատկերացումը», «Էմրալի խաղաղութեան գործընթացը. կարելի՞ է թուրք-քրտական յարաբերութիւնները վերականգնել» եւ «Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա եւ քիւրտերը. դէպի նոր պատկերացում»: Մասնակիցներու շարքին էին Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշ, խորհրդարանի անդամ Նազմի Կիւր, Իրաքի քրտական շրջանի շրջանային կառավարութեան Ուաշինկթընի գրասենեակի ներկայացուցիչ Քարուան Զիպարի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճէյմս Ճեֆրի:

«Մենք կ’ողջունենք Ուաշինկթընի մէջ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կազմակերպած այս առաջին խորհրդաժողովը եւ այն առիթը, որ ընծայեց օգտակար երկխօսութեան մը` հայ-քրտական համագործակցութեան, Արեւմտահայաստանի եւ Քիւրտիստանի, եւ աւելի ընդգրկուն` հայերու եւ քիւրտերու ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումներուն մասին». յայտնեց Տէր Խաչատուրեան` անդրադառնալով այս խորհրդաժողովին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )