Նախագահ Սարգսեան Եւ Լեֆոր Քննարկեցին Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւնները

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Նախագահի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ շարք մը ուղղութիւններով երկրին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին շրջանային զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին ներկայ վիճակին վերաբերեալ: Երկու կողմերը ընդգծեցին տագնապի խաղաղ եւ միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ լուծման ուղղուած ջանքերը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու բանակցային ձեւաչափին մէջ շարունակելու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւս երէկ ընդունեց Ֆիլիփ Լեֆորը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ շրջանային զարգացումներուն:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը հաղորդեց, որ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուց Պաքու կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Նախարար Նալբանդեան զրուցակիցին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն եւ սադրիչ գործողութիւններուն վրայ:

Ֆիլիփ Լեֆոր վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )