ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Յառաջիկայ Շաբթուան Սկիզբը Պիտի Այցելեն Պաքու Եւ Երեւան

Ըստ «Արմենփրես»-ին, Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մամլոյ ծառայութիւնը «Ազերիփրես»-ին հաղորդած է, որ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները յառաջիկայ շաբթուան սկիզբը պիտի այցելեն Պաքու, յետոյ` Երեւան:

Դեսպանատան մամլոյ ծառայութիւնը նշած է, որ այցելութեան ընթացքին միջնորդները հանդիպումներ պիտի ունենան ազրպէյճանցի քաղաքական պաշտօնատարներու հետ եւ պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ընթացքը: Համանախագահներուն այցելութեան նպատակն է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հերթական հանդիպման կազմակերպումը:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք 21 հոկտեմբերին կարճաժամկէտ այցելութիւն մը տուած էր Պաքու:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )