Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ոմանք պիտի փորձեն խանգարել ձեր աշխատանքը դաւադիր կեցուածքով: Կարեւորութիւն մի՛ տաք, անոնք պիտի ձախողին, հանդարտ եղէք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Շաբաթավերջ է արդէն, վայելեցէք արձակուրդի այս առիթը: Աշխատանքի օրեր կու գան: Երկուշաբթին ձեր դիմացն է արդէն: Կ՛աշխատիք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Սիրոյ մէջ ամէն ինչ պարզ է, բայց կան նաեւ անիմանալի հարցեր: Գիտցէք կարդալ նաեւ տողատակի գրութիւնները: Հասկնալի է այս եւս:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանեկան հարց մը պիտի կարգադրէք, բայց` ոչ մէկ անգամէն, այլ կամաց-կամաց կրնաք լուծել բոլոր հարցերը: Օրը հանդարտ է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մասնակցեցէք զրոյցի մը` որոշ կացութիւն մը դարմանելու: Պիտի կարենաք հասնիլ խնդրի մը լուծման, մօտիկներու աջակցութեամբ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօրուընէ սկսեալ լաւ  հաշուեցէք ձեր պիւտճէն, քիչ ծախսեցէք, որովհետեւ ամիսը կրնայ հարցեր ստեղծել նիւթական իմաստով: Զգո՛ւշ…

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք ձեզի շատ մի՛ վստահիք, որովհետեւ հարցեր կան, որոնք պէտք է քննարկուին ուրիշներու հետ: Ուշադիր եղէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Միշտ ուրիշներուն, ձեր շրջապատին խօսքերը մտիկ կ՛ընէք: Ասիկա թէեւ լաւ է, բայց երբ մշտական ու յարատեւ ըլլայ, կը յոգնեցնէ ձեզ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուք շրջապատուած էք հին բարեկամներով, բայց հիմա օրերը փոխուած են, կարգը եկած է ձեզի` անոնցմով զբաղելու: Պատրաստ եղէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դժգոհութիւն ունիք ձեր աշխատանքին մէջ, կը տրտնջաք: Ուրեմն օրը շատ լաւ չէ ձեզի համար: Համբերութեամբ տոկացէք պատահարներու, կը յաջողիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւ ձեւով փնտռտուք կատարելով` կը գտնէք ձեր ուզածը: Կրնաք գտնել լաւ պատասխան` ձեր հարցումներուն:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Չէք համարձակիր գործ մը սկսելու, որովհետեւ երկչոտ էք այդ կապակցութեամբ: Մոռցէք վախը եւ անցէք գործի, կը յաջողիք:

 

Share this Article
CATEGORIES