50 Տարի Առաջ (1 Նոյեմբեր 1963)

Տոմսեր

Հայ Չէ…

– Անունդ ի՞նչ է բարեկամ…

– Հէյկ…

– Հօ, այր, յի, կեն – Հայկ…

– Ատիկա եղաւ Հայկ, իմ անունս Հէյկ է…

– Մականո՞ւնդ…

– Ճէյքոպիըն…

– Յի, այբ, ո, բեն, եչ, այբ, նու… Յակոբեան:

– Ո՛չ, ճէյ, էյ, սի, օ, պի, այ, էյ, էն-Ճէյքոպիըն…

– Լա՛ւ, ո՞րտեղացի ես…

– Նիւ եորքցի…

– Օ՜, ես ալ կարծեցի, թէ գոնիացի ես, ներողութի՛ւն…

– Գոնիա ծնած եմ, բայց քսան տարեկանիս Նիւ Եորք եկած եմ…

– Ուրեմն քսան տարեկանին Գոնիայէն Նիւ Եորք հասնողը եւ քսան տարի Նիւ Եորք բնակողը նիւ եորքցի՞ կ՛ըլլայ…

– Տիրացու եղա՞ծ ես…

– Այո՛, քանի՜ անգամ Դանիէլը կարդացած եմ…

– Հապա ի՞նչ կ՛ըլլայ…

– Ներողութի՛ւն, մի՛ բարկանար. ո՞ր եկեղեցին մկրտուած ես:

– Քեզի կ՛ըսեմ մարդու չըսես: Ս. Աստուածածին եկեղեցին:

– Հայրդ, մայրդ հա՞յ էին…

– Այո՛, բայց թուլբերանութիւն չընես, ասոր անոր:

– Հայերէնը ո՞ւր սորված ես…

– Մինչեւ հիմա մարդու բան ըսած չէի այդ մասին, բայց քեզի ըսեմ – Գում Գափուի մայր վարժարանը:

– Տիրացու եղա՞ծ ես…

– Այո՛, քանի՜ անգամ Դանիէլը կարդացած եմ…

– Հայրդ ի՞նչ գործ կ՛ընէր…

– Քահանայ էր…

– Ուրեմն Տէրտէրի տղայ ես. այսինքն երկու անգամ հայ…

– Սո՛ւս, չորս կողմէն կը լսեն…

– Հայերէն կարդալ, գրել գիտե՞ս…

– Գիտեմ, բայց հարցնողին «չեմ գիտեր» կ՛ըսեմ…

– Ինչո՞ւ…

– Յաճախորդ կը կորսնցնեմ…

– Հայերէն գիրքեր, թերթեր կը կարդա՞ս…

– Խե՜նթ եմ…

– Տան մէջ ի՞նչ լեզու կը խօսիք…

– Անգլերէն…

– Զաւակներուդ հայերէն սորվեցուցա՞ծ ես…

– Ապո՞ւշ եմ, հայերէն գիտցողը անօթի կը մնայ…

– Հայկական հանդէսներու կ՛երթա՞ս…

– Ո՛տք չեմ կոխեր…

– Մեր ազգին դրամ կու տա՞ս:

– Ազգ կա՞յ որ դրամ տամ…

– Հայերէն երգեր գիտե՞ս…

– Վա՜յ հայե՞րն ալ երգ ունին եղեր, չէի գիտեր…

– Հայ բարեկամներ ունի՞ս…

– Հեռո՜ւ… Ես, միայն ամերիկացիներուն հետ կը նստիմ, կ՛ելլեմ…

– Գիտե՞ն, որ ծնունդով հայ ես…

– Մա՛րդ չի գիտեր…

– Չե՞ն հարցուցած…

– Հարցուցած են, բայց…

– Եկուր սա կենսագրութիւնդ ամփոփենք – Գոնիա ծնած ես… հայրդ, մայրդ հայ… Մկրտուած ես հայոց եկեղեցին… Հայերէն գրել, կարդալ գիտես, անունդ Հայկ… Մականունդ` Յակոբեան, բայց չես ընդունիր թէ հայ ես, այնպէ՞ս է…

– Եղբա՛յր, ես հայ չեմ, ամերիկացի եմ…

– Ապացո՞յց…

– Ա՛ռ սա փաշափորթս աչքդ խոթէ…

Հիմա համոզուեցա՞ր…

– …՞

ԵՒՐՈՊԱՑԻ

 

Share this Article
CATEGORIES