Արուեստի Աշխարհէն. Ընթերցանութեան Ապագան
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐԷ 1951-ԻՆ ԳՐԻ ԱՌՆՈՒԱԾ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ. «ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԹՈՒՆ ՈՒՂԵՂԻՆ ԳՈՐԾՆ Է, ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋ Է ԵՒ ԻՏԷԱԼ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ Ի ՎԵՐՋՈՅ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ՏԵՍԱԿ ՄԸ ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆ», ԸՍԱԾ Է Ի. Պ. ՈՒԱՅԹ:
«Գիրքը փաստն է այն իրողութեան, թէ մարդը կարողութիւնը ունի կախարդութիւն գործելու»: Ամերիկացի աստղանաւորդ Քարլ Սէյկըն այս հիացումը արտայայտած է պատկերասփիւռի «Քոզմոս» յայտագիրներու շարքին մէջ: Սակայն մեր ժամանակներուն, երբ այլեւս նոյնիսկ չենք գիտեր, թէ ի՛նչ է գիրքը, եւ գիրքին ապագան կ՛ուղղուի դէպի անորոշութիւն, ի՞նչ կը մնայ անոր իւրայատուկ կախարդանքէն: Կարելի է վստահիլ արտասովոր արձակագիր, պարկեշտութեան ջատագով եւ լեզուական ոճի պաշտպան Ի. Պ. Ուայթի, որպէսզի ան մեզ առնէ ժամանակի մէջ ճամբորդող իր մեքենային մէջ եւ իր անժամանցելի ներհայեցողութեամբ մեզ փոխադրէ դէպի հարցին խորը: «Տի անըթէյթըտ Շարլոթ՛ց ուէպ» (Շարլոթի ծանօթագրուած ցանցը) գիրքը կը պարունակէ կարճ գրութիւն մը` «Ընթերցանութեան ապագան» վերնագիրով: Ուայթ զայն գրած է 1951-ին, եւ կը թուի, թէ անոր խօսքերը կը համապատասխանեն կէս դար ետք թուային (տիճիթըլ) յեղափոխութեամբ ստեղծուած այսօրուան մեր իրականութեան: Գրութիւնը սկիզբը հրատարակուած է «Նիւ Եորքըր» թերթին մէջ, ապա` 1954-ին ներառուած է անոր «Տը սեքընտ թրի ֆրամ տը քոռնըր» գիրքին մէջ:
Ուայթ կը գրէ.
«Մերօրեայ լսատեսողական ժամանակներուն դպրոցներու եւ համալսարաններու մէջ ընթերցանութեան ապագային նկատմամբ արթնցած է կասկած մը, թէ արդեօք տպագիր բառը կանգնած է իր վերջի՞ն յենարաններուն վրայ: Համալսարանի մը տնօրէնը կը նշէ, թէ 50 տարի ետք «մարդկութեան միայն 5 առ հարիւրը պիտի շարունակէ կարդալ»: Անշուշտ պէտք է պատրաստուիլ այս վիճակը դիմագրաւելու: Սակայն ինչպէ՞ս պատրաստուիլ: Մեզի այնպէս կը թուի, թէ նոյնիսկ 150 միլիոն անձէն գէթ մէկը պիտի շարունակէ կարդալ: Հետեւաբար ան արժանի է փրկութեան, որովհետեւ այն կորիզն է, որուն շուրջ կարելի է հիմնել համալսարան մը: Կը մտածենք, թէ ոչ աներեւակայելի այս անձը, այս Վերջին Ընթերցողը, հաւանաբար այն կապը պիտի ունենայ մարդկային հաւաքականութեան հետ, ինչ որ թագուհի մեղուն կը վայելէ մեղուներու իր պարսին մէջ, եւ թէ` բոլոր միւսները հաւանաբար իրենք զիրենք ամբողջութեամբ պիտի նուիրեն անոր բարօրութեան, յատուկ սնունդ սպասարկելով անոր եւ կառուցելով բոլոր յարմարութիւններով օժտուած բնակավայր: Այս վերջին ընթերցողին ամուսնութենէն կամ մտաւորական թռիչքէն ծնունդ պիտի առնէ մարդկային նոր ցեղ մը, որ կատարելապէս կ՛աղերսուի անցեալին հետ` մտաւորական անքակտելի շղթայով մը շարունակելու համար մարդկային հաւաքականութեան կեանքը: Սակայն շատ աւելի հաւանական է, որ արդի ժամանակներու մեր փեթակը իր ուղեղը փոխարինէ բարձր ալիքներով նշաններ արձակող գործիքով մը եւ փորձէ յաւիտենականացնել այս վիճակը` ի գործ դնելով լսատեսողական միջոցներ, որոնք մտային ոչ մէկ օրէնքի կարիքը ունին, եւ որոնք արդէն փեթակը կը վերածեն աֆիոնի թուլութեամբ արբեցած ընդունարանի»:
Ասիկա որքա՛ն կը յիշեցնէ Վըրճինիա Վուլֆի մէկ խորհրդածութիւնը, զոր անգլիացի գրագէտը կատարած է 1926-ին` «շարժող պատկերին» մասին: Շարժապատկերի լսատեսողական հիփնոսացնող ներգործութեան մասին մտածելով` Վուլֆ գրած է հետեւեալը. «Աչքերը ակնթարթի մը մէջ կը լափեն զայն, իսկ ուղեղը, հաճելի կերպով խտղտուած` կը պատրաստուի դիտելու բաներ, առանց կրելու մտածելու ձանձրոյթը»: Ուայթ մտային այս անձնատուութեան իբրեւ հակաթոյն կ՛առաջարկէ ընթերցանութիւնը եւ անոր պարգեւած երանութիւնը:
«Ընթերցանութիւնը արթուն ուղեղին գործն է, խստապահանջ է, եւ իտէալ պայմաններու մէջ ի վերջոյ կը ստեղծէ տեսակ մը երանութիւն: Ինչպէս սեռային յարաբերութիւնը, երկուքէ աւելի անձեր մաս չեն կազմեր ընթերցանութեան արարքին: Անձերէն մէկը գրագէտն է` իր սերմերը ցանողը, իսկ ընթերցողը` ընկալողը: Ասիկա ընթերցանութեան փորձառութիւնը կ՛օժտէ այնպիսի վեհութեամբ եւ ուժականութեամբ, որուն համազօր ոչինչ ունին հաղորդակցութեան այլ միջոցներ», կը գրէ Ուայթ եւ կոչ կ՛ուղղէ ընթերցանութիւնը պահպանելու կրթութեան եւ մշակոյթի մէջ:
«Կը մտածենք, թէ նոյնքան լաւ պիտի ըլլար, եթէ կրթական մարզին մէջ աշխատողներ կառչէին այս հզօր երեւոյթին եւ լուսանցքներու մէջ չմնային: Թէեւ գիրքերը եւ ընթերցանութիւնը երբեմն շատ մեծ դեր խաղցած են կրթական գործընթացներու մէջ, սակայն այսօր պատկերը նոյնը չէ: Իրօք, շատ հազուադէպ է իրական ընթերցանութիւնը, նոյնպէս ալ` գրականութիւնը, ինչպէս կարելի է ենթադրել` ի տես թուղթի գործարաններու դիմաց դիզուած հում նիւթի խմորուած կոյտերուն: Ընթերցողները եւ գրագէտները սակաւաթիւ են: Այս օրերուն մեր ստացած տեղեկագիրները կը պատմեն մարդոց մասին, որոնք չեն այցելեր արկածին վայրը, զայն կը պահեն իրենց ուղեղին մէջ հեռու տեղ մը, ուր չեն նախընտրեր մուտք գործել առանց կրկնակօշիկի»:
«Տի անըթէյթըտ Շարլոթ՛ց ուէպ» գիրքը կը պարունակէ ընթերցանութեան եւ գրելու վերաբերող ցարդ անտիպ յաւելեալ գրութիւններ Ուայթէն, ինչ որ զայն կը վերածէ գանձի: Կ՛արժէ կարդալ անոր գրութիւնը` գրագէտին դերին եւ պատասխանատուութեան մասին, ապա` դարձեալ թերթատել անոր գիրքերու ապրող պատմութիւնը հիւսող այս գրութիւնը:


