Արուեստի Աշխարհէն. Ինչպէ՞u Կը Հնչէր Յունական Հնադարեան Երաժշտութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԷՐ: ՍԱԿԱՅՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԸ ՀՆՉԷՐ ԱՆԻԿԱ: ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ԼՈՒՌ ՄՆԱՑԱԾ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՀՆԱԴԱՐԵԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԺՄ ԿԵԱՆՔԻ ԿՈՉՈՒԱԾ Է ՕՔՍՖՈՐՏԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԴԱՍԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ԵՒ ԵՐԱԺԻՇՏ ԱՐՄԱՆ Տ՛ԱՆԿՈՐԻ ԿՈՂՄԷ, ՈՐ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԻՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼԻ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄՆԵՐԸ:
Պահ մը ենթադրենք, թէ 2500 տարի ետք Պիթըլզէն գոյատեւած պիտի ըլլան միայն քանի մը երգեր, իսկ Մոցարթի եւ Վերտիի օփերաներէն` միայն բառեր եւ ոչ մէկ երաժշտութիւն:
Պահ մը նաեւ երեւակայենք, թէ պիտի կարենանք վերակառուցել անոնց երաժշտութիւնը եւ վերայայտնաբերել զայն նուագած գործիքները, թէ` դարձեալ պիտի կարենանք լսել մեզի հասած բառերը, իրենց ճիշդ պարունակին մէջ: Որքա՛ն հաճելի պիտի ըլլար ասիկա:
Նման վերակենդանացում մը պիտի ապրին հնադարեան Յունաստանի դասական գրութիւնները:
Յաճախ կը մոռնանք, թէ արեւմտեան գրականութեան արմատը կազմող յունական դասական գրականութիւնը, ինչպէս` Հոմերոսի դիւցազներգութիւնները, Սապփոյի սիրային բանաստեղծութիւնները, Սոփոկլէսի եւ Եւրիպիդէսի ողբերգութիւնները, բոլորն ալ սկիզբը դաշնաւորուած էին:
Անոնք գրի առնուած են Ն.Ք. 750-400-ի միջեւ` ամբողջութեամբ կամ մասամբ երգուելու համար քնարի, եղեգնափողի եւ հարուածային գործիքներու ընկերակցութեամբ:
Ճիշդ Ձայնաստիճանը
Սակայն արդեօք երաժշտութիւնը կը կորսուի անվերադա՞րձ: Ո՛չ անպայման: Կշռոյթները, որոնք հաւանաբար երաժշտութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթն են, կը պահպանուին նոյնինքն բառերուն մէջ, կարճ եւ երկար վանկերու կրկնօրինակներուն մէջ:

Ժամանակին մէջ ճամբորդելով. ակադեմականներ կը վերակառուցեն հնադարեան Յունաստանի կորսուած երաժշտութիւնը:
Հնադարեան Յունաստանի երաժշտական գործիքներուն ծանօթ ենք անոնց նկարագրութիւններուն ճամբով, գեղանկարներու եւ հնագիտական մնացորդներու միջոցով, որոնք մեզի առիթ կու տան վերակազմելու անոնց հնչեղութիւնը եւ արտաբերած ձայնաստիճաններուն տարողութիւնը: Իսկ այժմ յունական հնադարեան երաժշտութեան վերաբերող գաղտնիքներ ի յայտ կու գան քանի մը տասնեակ հնադարեան գրութիւններէ, որոնք կը պարունակեն շուրջ Ն. Ք. 450-ին արձանագրուած երգեցողութեան խազագրութիւններ. անոնք կը բաղկանան այբբենական տառերէ եւ նշաններէ` դրուած յունական բառերու ձայնաւորներուն վրայ:
Հին յոյները յայտնաբերած են երաժշտական թուաբանական համեմատութիւնները: Այսպէս` ութ ձայներէ բաղկացած ձայնաստիճաններու համեմատութիւնը 2:1 էր, հինգ ձայներէ բաղկացած ձայնաստիճաններու համեմատութիւնը` 3:2 , չորս ձայներէ բաղկացած ձայնաստիճաններու համեմատութիւնը` 4:3, եւայլն:
Խազագրութիւն մը յստակ կերպով կը նշէ ձայնաստիճանները: Օրինակ` ձայնաշարի գագաթին Ա. տառը կը ներկայացնէ 3:2 համեմատութեամբ աւելի բարձր ձայն մը, բաղդատած` այբբենական համակարգի կէսերուն այլ տառի մը: Ճշգրիտ ձայնաստիճաններ կարելի է վերականգնել այն համեմատութիւններէն, որոնք արձանագրուած են` երգեցողութիւնը առաջնորդելու նպատակով:
Դասական գիտութիւններու մասնագէտներ երկար ժամանակէ ի վեր ծանօթ էին այս խազագրութիւններուն: Անոնք Յունաստանի մէջ արձանագրուած են քարի վրայ, իսկ Եգիպտոսի մէջ` պապիրոսի: Անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ հրատարակուած են 1581-ին: Իսկ վերջին տասնամեակներուն անոնց միացած են նաեւ նոր յայտնաբերումներ: Ն. Ք. 300-էն Յ. Ք. 300-ի միջեւ արձանագրուած այս պատառիկները որեւէ ժամանակէ աւելի յստակ պատկեր մը կու տան հնադարեան Յունաստանի երաժշտութեան վերաբերեալ:
Ուսումնասիրութիւնը, որուն ձեռնարկած եմ, կը վայելէ նիւթական հովանաւորութիւնը Բրիտանական ակադեմիային: Անոր նպատակն է վերակենդանացնել հին Յունաստանի երաժշտութիւնը:
Ժողովրդային Երաժշտութիւն
Կարեւոր է ի մտի ունեալ, թէ հնադարեան կշռոյթներու եւ մեղեդիներու ընդունուած օրէնքները տարբեր էին այսօրուան մեր օրէնքներէն:
Պէտք է հրաժարինք արեւմտամէտ մեր նախապաշարումներէն: Աւելի լաւ է զուգահեռներ գծել ոչ արեւմտեան ժողովրդային երաժշտութեան աւանդութիւններուն հետ, օրինակ` Հնդկաստանի եւ Միջին Արեւելքի երաժշտութեան հետ:
Յունական հնադարեան աւանդութիւններէ սերած երաժշտական գործիքներ կը շարունակեն գոյատեւել Սարտինիոյ եւ Թուրքիոյ կարգ մը շրջաններուն մէջ: Անոնք մեզի գաղափար մը կու տան երաժշտական այն ձայներուն եւ թեքնիքներուն վերաբերեալ, որոնք երաժշտութեան փորձառութիւնը ստեղծած են հնադարեան ժամանակներուն:
Հետեւաբար, ինչպէ՞ս կը հնչէր յունական երաժշտութիւնը:
Ցարդ գոյատեւած մեղեդիներէն ոմանք անմիջապէս գրաւիչ կը թուին արդի ժամանակներու մեր երաժշտական ականջին: Մարմարէ սիւնի մը վրայ արձանագրուած ամբողջական կտոր մը, որ կու գայ Յ. Ք. 200-էն, 4 տողերէ բաղկացած կարճ եւ դիւթիչ երգ մըն է, որուն երաժշտութիւնը կը պատկանի Սիկիլիոսի: Երգին բառերը կարելի է թարգմանել այսպէս.
Մինչ կենդանի ես, շողա՛.
Բնաւ թոյլ մի՛ տար, որ տրամադրութիւնդ իյնայ:
Կարճատեւ կեանք մը ունինք ապրելու.
Ժամանակը կը զգացնէ կարիքը մեռնելու:
Խազագրութիւնը յստակ է, կը նշէ կանոնաւոր կշռոյթ մը եւ կը պարունակէ հնադարեան երաժշտական յօրինումներու բնորոշ յատկանշական սկզբունք մը:
Հին յունարէնի մէջ ձայնը կը բարձրանար որոշ վանկերու հետ եւ կը մեղմանար այլ վանկերու վրայ (հնադարեան յունարէնի մէջ հնչերանգները ցուցանիշ են ձայնաստիճանի եւ ոչ` շեշտի): Վերոնշեալ երգին մեղեդիին ուրուագիծը կազմուած է այս ձեւի ձայնաստիճաններէ: Նոյն սկզբունքը ի զօրու է հին յունական գրեթէ բոլոր արձանագրութիւններուն մէջ:
Ինչպէ՞ս «Շտկել Ձայնը»
Պէտք չէ ենթադրել, թէ հին յոյները երաժշտութեան «ձայնը շտկելու» գաղափարը կ՛ընկալէին մեզի պէս: Յ.Ք. 2-րդ դարուն Պտողէմի արձանագրած է տարբեր ձայնաստիճաններու աստիճանաւորումի թուաբանական ճշգրիտ համեմատութիւններ: Ան նոյնիսկ կը նշէ, թէ անոնցմէ մէկը «օտարամուտ կը հնչէ եւ ժողովրդական»:
Նիւքասըլի համալսարանէն Տէյվիտ Քրիզ վերակառուցած է 8 լարերէ բաղկացած քանոն մը` շարժական կամուրջներով:
Երբ ան Սիկիլիոսի երաժշտութիւնը կը նուագէ` օգտագործելով Պտողէմիի դաշնաւորումները, անոնք անմիջապէս տարաշխարհիկ կը թուին մեզի. կը յիշեցնեն աւելի միջին արեւելեան երաժշտութիւն, քան` արեւմտեան:
Երաժշտական ամէնէն հին արձանագրութիւնը, որ գոյատեւած է մինչեւ այսօր, կը պարունակէ քանի մը տողեր, որոնք երգուած են Ն.Ք. 5-րդ դարու ողբերգակ թատերագիր Եւրիպիդէսի «Օրեսդէս» թատրերգութեան մէջ: Թերեւս նոյնիսկ Եւրիպիդէս ի՛նք յօրինած է իր թատրերգութեան երաժշտութիւնը:
Այս ժամանակաշրջանի երաժշտութիւնը կ՛օգտագործէր նուրբ ձայնաստիճաններ, ինչպէս` քառորդ ձայնաստիճաններ: Նաեւ կը նկատենք, թէ մեղեդին չի համապատասխաներ բառերուն ձայնաստիճանին:
Եւրիպիդէս հռչակաւոր էր իբրեւ յառաջապահական երաժիշտ, եւ այս օրինակը ցոյց կու տայ, թէ անոր երաժշտութիւնը որքա՛ն արդիական կը հնչէր. անիկա կը խախտէր յունական ժողովրդային երգեցողութեան աւանդական օրէնքները` անտեսելով բառերուն ձայնաստիճանը:
Այսուհանդերձ, կը նկատենք, թէ Եւրիպիդէս որդեգրած էր նաեւ այլ սկզբունք մը. «կ՛ողբամ» եւ «կ՛աղերսեմ» բառերը տեղադրուած են լալագին եւ անկումային կշռոյթներու մէջ, իսկ երբ երգիչը կ՛ըսէ` «սիրտս կը ցատկէ ընդոստ», մեղեդին եւս ոստում մը կը կատարէ: Ասիկա հնադարեան Յունաստանի մէջ համազօր է «ժապաւէնի» ընկերակցող երաժշտութեան:
Այս տեսակի երաժշտութիւնը մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընկալուէր յունական աշխարհին մէջ: Պատմագիր Պղուտարքոս կը պատմէ ցնցիչ պատմութիւնը աթէնացի հազարաւոր զինուորներու, որոնք գերեվարուած էին եւ բանտարկուած` Սիրաքուսի կիզիչ քարահանքերուն մէջ` Ն. Ք. 413-ին տեղի ունեցած աղէտալի արշաւէ մը ետք: Այն սակաւաթիւ զինուորները, որոնք կրնային երգել Եւրիպիդէսի վերջին երգերը, կը յաջողէին ստանալ հաց եւ ջուր:
Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել հնադարեան ժամանակներու մեծագոյն աշուղ-բանաստեղծ Հոմերոսի մասին:
Հոմերոս կ՛ըսէ, թէ իր ժամանակներու աշուղները կ՛երգէին չորս լարերէ բաղկացած քնարի մը ընկերակցութեամբ: Այս գործիքը, որ կը կոչուէր ֆորմինքս, հաւանաբար լարուած էր համապատասխան այն չորս խազերուն, որոնք մինչեւ այսօր գոյատեւած են յունական երաժշտական ձայնաստիճաններու համակարգին մէջ եւ կը կազմեն անոր կորիզը:
Օքսֆորտի համալսարանէն Մարթին Ուէսթ այս հիմքով վերակառուցած է Հոմերոսի երգեցողութիւնը: Արդիւնքը բաւական միօրինակ երաժշտութիւն է, ինչ որ հաւանաբար կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ սկիզբը երգուած Հոմերոսի դիւցազներգութիւնները հետագային արտասանուած են առանց երաժշտութեան:
«Արդեօք ի՞նչ երգած են սիրենները,- հարց տուած էր 17-րդ դարու անգլիացի գրագէտ սըր Թոմըս Պրաուն:- Առեղծուածային է անոնց երաժշտութիւնը, սակայն ոչ` աներեւակայելի»:
Յունական հնադարեան երաժշտութիւնը վերակառուցելով` քայլ մը աւելի կը մօտենանք հարցումին պատասխանին:




