Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Ցեղասպանութեան Յուշարձանին Կոթողումը Գօտեպնդման Նոր Առիթ Է

Հոկտեմբեր 20-ին Լաւալի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի կոթողումը պատմական անկիւնադարձային թուական մը դարձաւ քանատահայութեան տոմարներուն մէջ:

Հայ դատի գործին նուիրեալ հայորդիներու ծրագրուած ու հետեւողական աշխատանքին եւ քանատահայութեան համախումբ մասնակցութեան շնորհիւ յաջողութեամբ իր աւարտին հասաւ այս կարեւոր առաքելութիւնը:

Յուշարձանը, առաջին հերթին, Քանատայի տարածքին թրքական ուրացման ու հակահայ քարոզչութեան թափը արգելակման ենթարկող նոր գործօն է: Այլ գետնի վրայ, քանատահայութեան ապագայ սերունդներուն հայ ժողովուրդի դժխեմ մէկ արարին յուշարարի դերը կատարող յուշակոթող է, որ յարատեւօրէն պիտի ղօղանջէ իբրեւ ահազանգ` սերունդներու մտքերուն մէջ միշտ թարմ պահելով կորուսեալ ծննդավայրին ու մարդկային իրաւունքներուն վերատիրանալու պատգամը:

Լաւալի հայութիւնն ու քանատահայութիւնը երախտապարտ են Լաւալի քաղաքապետութեան, որ օրին շրջանի հայ համայնքին նուիրեց յուշակոթողին համար նկատի առնուած քաղաքակեդրոնի հողատարածքը:

Եղեռնին նուիրուած աշխարհատարած յուշարձանները յիշողութեան այն անխօս վկաներն ու վէմերն են, որոնք յառաջիկայ օրերուն, տասնամեակներուն, դարերուն համայն մարդկութեան պիտի յուշեն, որ այն, ինչ որ պատահեցաւ 20-րդ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդին, մարդ անհատին կողմէ մարդ անհատը, ցեղ մը, ամբողջ ազգութիւն բնաջնջելու առաջին պատմական բռնարարքն էր: Այդ յանցագործութիւնը ցեղասպանին կողմէ կրնայ սրբագրուիլ միա՛յն ու միա՛յն արդար հատուցումով, որուն իրագործման համար տարտամ չէ հատուցման գործելաձեւը:

Այդ հատուցման նախահիմքը, Սեւրի դաշնագրին համաձայն, Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներու հատուցումով` Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին որոշման խնդիրն է, 161,370 քառակուսի քիլոմեթր տարածութեամբ նոր Հայաստանի ստեղծումն է: Այս է մեր պահանջածը` հաստատ գիտնալով, որ Սեւրէն հրաժարիլ` կը նշանակէ դիւանագիտական-քաղաքական ինքնասպանութեան դիմել:

Ապագայ սերունդներու լինելութեան եւ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ու ապահովութեան ապագայ խարիսխն ու վէմն են Արեւմտահայաստանի մեր հողերը: Հրաժարիլ պապենական բռնագրաւուած հողին վերատիրանալու առաքելութենէն` սրբապղծութեան համազօր արարք է:

Այս հաւատամքով է, որ իր գոյութենական ճանապարհը կը շարունակէ հայութիւնը: Ժամանակի թաւալումին հետ, ներքին թէ արտաքին ոսոխներու դիմաց խրոխտ կանգնած հայ ժողովուրդը, իր պատմական առաքելութեան հաւատարիմ, պիտի շարունակէ հայրենիքի ու Արցախի վերականգնման ու պաշտպանութեան սրբազան գործին սատարել, մինչեւ որ «Դէպի Երկիր» տեսլականը պատմութեան վճռորոշ մէկ ժամանակահատուածին կերտուի, ու «Երկիր»-ը ամբողջանայ Արցախով, Շահումեանով, Ջաւախքով, Վասպուրականով եւ Սասնայ աշխարհով…

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES