Քննական Ոսպնեակ. Համահայկական Պայքարի Խոստմնալից Հարթակ
ՅՈՎԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Հայաստանի անկախութենէն 22 տարիներ ետք, տակաւին ականատես ենք կիսաբռնատիրական վարքով քաղաքական իշխանութեան եւ այդօրինակ սովորութիւններով ղեկավարուող հասարակութեան: Այս ընդհանուր դիտարկումը, ի միջի այլոց, նաեւ կարելի է տարածել հայկական սփիւռքի իրականութեան վրայ:
Հայրենիքի մէջ երկու տասնամեակներէ ի վեր յամեցող այս իրականութեան անխուսափելի հետեւանքն է ընկերային եւ տնտեսական անհորիզոն ու անմխիթար վիճակը, որ իր կարգին կը պատճառէ անկասելի արտագաղթն ու ընկերային բազմաթիւ տագնապներ: Եթէ «բնական» պայմաններով յատկանշուող պետութիւններու ու ընկերութիւններու մէջ, քաղաքական դասական պայքարի ճամբով, հասարակութիւններ հաշուետուութեան կը կանչեն իրենց քաղաքական իշխանութիւնները, ապա երկար տարիներու փորձը ցոյց տուաւ, որ այդ գործընթացը չի բանիր Հայաստանի մէջ: Զանց առնելով այս ձախողութեան տուն տուող խորքային պատճառներու ուսումնասիրութիւնը, որ կ՛իյնայ այս գրութեան սահմաններէն դուրս, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ազատ քաղաքական մրցակցութեան հանդէպ թերահաւատութիւնը անկախութեան տարիներուն հետզհետէ խորացաւ հիմնական քանի մը պատճառներով. Խորհրդային Միութեան թողած ապակուսակցական մշակոյթի աւանդը, անկախութեան տարիներուն` իշխանութիւններու կողմէ յաճախ ստեղծուող ու իրենց դերակատարութեան աւարտէն անմիջապէս ետք շոգիացող կուսակցութիւններու փորձերը եւ շարք մը կուսակցապետներու փառամոլ վարքագիծերը:
Այս իրականութիւնը անկասկած ունեցաւ իր ուղղակի անդրադարձը վերջին տարիներուն դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով կազմաւորուող քաղաքացիական շարժումներու զարգացող երեւոյթին վրայ: Քաղաքացիական շարժումները ընդհանրապէս նորարարութիւն չեն համաշխարհային քաղաքական պայքարներու զինանոցին մէջ: Արեւմուտքի եւ մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու մէջ անոնց նախակարապետները կարելի է գտնել 1950-ականներէն սկսեալ, ցեղային խտրականութեան դէմ ծաւալած պայքարին մէջ նոյնիսկ: 21-րդ դարուն, քաղաքական պայքարի այս ձեւաչափը, հիմնովին փոխակերպուած ու արդիականացած տարբերակով, լայնօրէն կ՛օգտագործուի իբրեւ ընկերային ու տնտեսական հասարակական պայքարներու միջոց: Ուսումնասիրելով այս շարժումները` կարելի է եզրակացնել, թէ անոնց հիմնական տարբերութիւնը դասական քաղաքական պայքարի միաւորներէն (կուսակցութիւններ, շարժումներ…)` անոնց կեդրոնացումն է որոշակի քաղաքական, բայց առաւելաբար ընկերային թէ տնտեսական հարցի մը վրայ, եւ առ այդ` անոնց կողմէ իշխանութեան տիրացման խնդիրի բացառումը:
Այս շարժումները իրենց հիմնական դրական երեսէն անդին, որ կը կայանայ երիտասարդ քաղաքական գիտակից տարրերու հանրօգուտ հրամայականներու շուրջ արագ ու դիւրին համախմբման մէջ, ունին նաեւ կարգ մը ակնյայտ բացասական երեսներ: Անոնց բնոյթը, իբրեւ ընթացիկ, անարմատ ու անփորձ համախմբումներ, զանոնք հակամէտ կը դարձնէ արտաքին թէ ներքին` պետական թէ մասնաւոր շահերու թափանցումներու: Առաւել, վերջին տասնամեակին, այս տեսակի շարժումներու ֆինանսաւորման ու զօրակցութեան իրենց լայն հնարաւորութիւնները օգտագործելով, արեւմտեան պետութիւնները եւ գլխաւորաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները ջանացին եւ յաճախ յաջողեցան ապակայունացնել բազմաթիւ պետութիւններ եւ տապալել կարգ մը վարչակարգեր:
Հայաստանի մէջ քաղաքացիական շարժումներու առաջին, համեմատաբար լուրջ փորձը տեղի ունեցաւ 2010 թուականին, «Մոսկուա» շարժապատկերի մէկ բաժնին քանդման ու անոր փոխարէն եկեղեցի կառուցելու ծրագիրներուն առիթով: Ապա շարժումը յաւելեալ թափ ստացաւ գլխաւորաբար Մաշտոց պողոտայի պուրակի կազմաքանդման դէմ տարուած պայքարով եւ աւելի ուշ, Երեւանի քաղաքապետութեան կողմէ փոխադրակառքերու սակագինը 100 դրամէն 150 դրամի բարձրացնելու որոշումին դէմ սանձազերծուած շարժումով: Հետաքրքրական է, որ վերոնշեալ շարժումները արձանագրեցին յաջողութիւններ, ինչ որ պատճառ դարձաւ կարգ մը վերլուծաբաններու զանոնք ամբաստանելու, թէ կը վայելեն պետական շրջանակներու հովանաւորութիւնը:
Քաղաքացիական շարժումներու այս թափը, որուն շրջագիծէն կարելի չէ զանց առնել Թեղուտի անտառին ի նպաստ շարժումը, բնապահպանական այլ նախաձեռնութիւններ, Փակ շուկայի պահպանման պայքարը, աննախընթաց կենսունակութիւն ու երիտասարդական ոգի սրսկեց հայկական քաղաքական սառած ու մաշող իրականութեան մէջ: Անոնց բարձրացուցած արդար հարցերը յաջողեցան համախմբել խումբ մը քաղաքացիներ, որոնք առնուազն յատկանշուեցան իրենց վճռակամութեամբ ու հետեւողականութեամբ: Այս ծաւալող շարժումը, սակայն, տակաւին չէ վարակած արտերկրաբնակ հայութիւնը, եւ անոր գործունէութիւնն ու աշխատելաոճը կը մնան մութ ու խորթ սփիւռքահայութեան համար:
Հայաստանի անկախացումէն ասդին, հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւններն ու մշակուած ռազմավարութիւնները չեն յաջողած այդ յարաբերութիւնները բարձրացնել ընդունելի մակարդակներու: Փառատօնային արարողակարգերէ անկախ, բազմաթիւ մարզերու մէջ հայութեան մէկութեան արտայայտութիւնները կը մնան ամօթխած ու աննշմար: Այս ծիրին մէջ կ՛իյնայ քաղաքական մասնակցութեան դաշտը: Ամբողջ հայ ժողովուրդի մասնակցութիւնը ամբողջ հայութեան հայրենիքի կառուցման, բարգաւաճման ու ժողովրդականացման գործընթացին առաջնահերթ հրամայական է քանի մը տեսակէտներով:
Առաջին` հայութեան վախճանական նպատակներու իրականացման իմաստով. «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք»-ի տեսլականը իր յստակ ու հաստատ դրսեւորումը կրնայ գտնել միայն այն ժամանակ, երբ հայութեան բոլոր մասնիկները ներդաշնակ ու համապատասխան երանգներով կը մասնակցին իրենց պետութեան կառավարման աշխատանքին:
Երկրորդ, ազգ-հայրենիքի հանդէպ պատկանելիութեան զգացումը աւելիով ամրապնդելու ու յարատեւութեան գրաւականներ ստեղծելու տեսակէտէն, անգնահատելի է արտերկրաբնակ հայութեան մասնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական կեանքին:
Երրորդ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարացման ու զարգացման գործին մէջ, հայրենաբնակ ժողովուրդի ճիգին կողքին, արժէքաւոր ներդրում կրնայ ունենալ Հայաստանի սահմաններէն դուրս բնակող հայութիւնը: Համեմատաբար աւելի ազատ ու անկաշկանդ պայմաններու տակ ըլլալով եւ իշխանութեան կողմէ, տարբեր պատճառներով, յարաբերաբար իբրեւ աւելի «մտահոգիչ» զանգուած նկատուելով` հայութեան պանդուխտ զանգուածին աշխուժ մասնակցութիւնը քաղաքական գործընթացներուն կրնայ ունենալ վարակիչ, գօտեպնդիչ ու սատարող անդրադարձ:
Ահաւասիկ` վերոնշեալ այս հիմնաւորումները, եւ մանաւանդ վերջինը, կը բացատրեն քաղաքացիական ինքնուրոյն շարժումներու սփիւռքահայութեան մասնակցութեան շահաւէտութիւնը: Սփիւռքի տարածքին ահազանգող, գիտակից ու «աղմկարար» տարրերու կամ համախումբ միաւորներու գոյութիւնը որոշակի ներդրում կրնայ ունենալ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս ընթացող որեւէ շարժումի արդիւնքին վրայ: Այս հրամայականը կ՛ենթադրէ սփիւռքի տարածքին նոր միաւորներու ստեղծումը եւ կամ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տարբեր միաւորներու կողմէ աշխատանքային նոր ձեւաչափերու որդեգրումը: Կենսոլորտային, բնապահպանական, քաղաքաշինական, տակաւին, ընկերային ու ուսանողական մարտահրաւէրները կը հետաքրքրեն սփիւռքահայ երիտասարդութեան տարբեր շերտեր. այս հետաքրքրութիւնները ա՛լ աւելի սրելու համար հարկ է ստեղծել քարոզչական ու տեղեկատուական ցանց մը, որ հայաստանեան վերոնշեալ խնդիրներն ու շարժումները պարզ ու յստակ կերպով մատչելի կը դարձնէ սփիւռքահայ հետաքրքիր խաւերուն:
Ստեղծուող եւ կամ փոխակերպուող բջիջները իրենց արագաշարժ եւ ճկուն գործելաոճով հիմնականին մէջ պէտք է կեդրոնանան մարտավարական երեք առանցքներու վրայ. ստեղծել տուեալ գաղութներուն մէջ բարենպաստ մթնոլորտ` Հայաստանի հողին վրայ իրա՛ւ պայքար տանող խմբաւորումներուն եւ անոնց աշխատանքներուն հանդէպ: Երկրորդ, փորձել, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, նիւթական ու գործնական օժանդակութեամբ սատար հանդիսանալ քաղաքացիական պայքարներուն. այս մէկը կարելի է կատարել դրամական օժանդակութեամբ, հմտութիւններու եւ տեղեկութիւններու փոխանակմամբ եւ այլազան ձեւերով: Երրորդ, Հայաստանի մէջ ծաւալող կարգ մը շարժումներ, նպատակայարմարութեան ու կարողութեան սահմաններուն մէջ, կարելի է ընդարձակել Հայաստանէն դուրս: Կարելի է կազմակերպ ու ներդաշնակ ձեւաչափերով որոշ խնդիրներ բարձրացնել սփիւռքահայ մամուլով, համացանցի ընկերային հաղորդակցութեան կայքերով. երբեմն, գրաւոր, բանաւոր թէ խմբային կերպով, դիմել Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական մնայուն ներկայացուցչութիւններուն, եւ, ինչո՞ւ չէ, երբեմն ալ այցելու պետական պաշտօնեաներու:
Այս բոլորէն անդին, սփիւռքեան գործող խմբաւորումներ, երիտասարդական, ուսանողական թեւերու եւ զուգահեռ արբանեակներու ճամբով ունին յատուկ առիթ` գործակցելով հայաստանեան միաւորներուն հետ, փորձել գաղափարականացնելու այս քաղաքացիական շարժումները եւ անոնց տալ ընկերվարական պայքարի երանգ: Վերջապէս, այս շարժումներու խորքային նպատակները` կենսոլորտի պահպանումը, արդար փոխադրասակերու հաստատումը, քաղաքային կառոյցներու եւ բնական պաշարներու շահագործման արգիլումը, համահունչ են 21-րդ դարու իրաւ ընկերվարական շարժումներու օրակարգերուն հետ:
Քաղաքացիական նորագոյն պայքարի տարբերակը կրնայ վերածուիլ փրկութեան լաստի մը Հայաստանի համար: Այդ փորձին սփիւռքը հարկ է որ սատարէ անկասկած: Ժամանակն է, որ «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք»-ը գործի դրուի: