Արցախ` Աշխատելաձեւի Բարեփոխման Անհրաժեշտութիւն

ՀՐԱԿ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ

Արցախի Մոշաթաղ գիւղը գործուղուելէ ետք, պատասխանատուութիւնը կը զգամ կարգ մը մտահոգութիւններ բաժնելու ընթերցողին հետ: Մտահոգութիւններ, որոնք կապուած են վերաբնակեցուած գիւղացիին, անոր կենցաղին եւ առօրեային հետ: Եւ` աւելի յուսալքող մտահոգութիւններ, որոնք կապուած են այս շրջաններու զարգացման համար տարուող աշխատանքներուն եւ այդ շրջաններուն բարգաւաճման տեսլականին:

Մոշաթաղի համայնքը կազմուած է Բերդիկ, Հերիկ եւ Մոշաթաղ գիւղերէն: Անիկա կը գտնուի Աղաւնոյ գետի ափին, կիրճի մը մէջ, Հայաստան-Արցախ սահմանէն 24 քմ հիւսիս: Պէտք է նկատի ունենալ, թէ համայնքին մէջ կ՛ապրի մօտաւորապէս 200 հոգի, որոնք այս շրջանին մէջ վերաբնակեցուած են հիմնականին մէջ Ջերմուկի շրջանէն, արցախեան պատերազմէն անմիջապէս ետք: Այս հանգամանքը շատ կարեւոր է եւ այս յօդուածին գլխաւոր առանցքը պիտի դառնայ:

Վերաբնակեցուած ժողովուրդ` կը նշանակէ քաղաքական նպատակներով իր տունն ու տեղը ձգած եւ նոր վայրի մէջ բնակութիւն հաստատած մարդոց հաւաքականութիւն: Վերաբնակողներէն շատեր այս վերաբնակեցումը կատարած են զուտ հայրենասիրական պատճառներով, ուրիշներ ատիկա կատարած են այլ ակնկալութիւններով:  Այս պարագային, սակայն, պատճառը չէ այնքան կարեւորը, որքան` այս ազատագրուած շրջաններու ապահովութեան համար տարուող վերաբնակեցման արարքը:

Սակայն դժբախտաբար արդէն իսկ քսան տարուան քաղաքական ապահովական նշանակութիւն ունեցող վերաբնակիչը տակաւին չունի իր ամէնէն տարրական պէտքերուն գոհացումը: Տարրական պէտք ըսելով` կը հասկնանք ճանապարհ, եւ որոշ չափով` այսօրուան չափանիշներուն մօտ բնակարան (այսինքն, որ օժտուած ըլլայ զուգարանով, որ ունի երդիք, եւ ուր կը հասնի մաքուր ջուր):

Արդար ըլլալու համար պէտք է նշել, թէ Մոշաթաղը արդէն որոշ խնդիրներ լուծած է: Արդարեւ, այս գիւղը ունի ոչ այնքան լաւ արտաքինով, բայց որոշ մակարդակի ուսման ծրագիրով դպրոց, ունի բուժկեդրոն եւ արդէն իսկ վերանորոգուած մանկապարտէզ: Բայց կը մնան ուրիշ շատ մը հարցեր, որոնք տակաւին լուծուած չեն: Բնականաբար այսպիսի կացութիւն մը մեզի պէտք է որոշ կորով տայ աշխատելու եւ սկսած աշխատանքը շարունակելու:

Սակայն կան որոշ մտահոգութիւններ` կապուած այդ աշխատանքին ձեւին հետ: 20 տարի առաջ ազատագրուած հողեր բնական զարգացման պայմաններու մէջ արդէն իսկ պէտք էր լուծած ըլլային իրենց հարցերէն շատերը: Համաշխարհային պատերազմին պարտուած պետութիւններ կրցան ոտքի ելլել պատերազմէն ոչ աւելի քան քսան տարի ետք: Բնականաբար մենք մեր պետութիւնները չենք համեմատեր այդ հզօր պետութիւններուն հետ, բայց յստակօրէն կրնանք ըսել, որ եթէ ճիշդ ախտաճանաչումները եւ ճիշդ խողովակները օգտագործուէին, այսօր Արցախը շատ աւելի լաւ կացութեան մէջ կը գտնուէր:

Առնենք Մոշաթաղի օրինակը: Մոշաթաղը գիւղատնտեսական առումով կարելի է նկատել հարուստ գիւղ: Ճիշդ է` կրնայ զարմանալի թուիլ այս հանգամանքը: Մոշաթաղը, որ ունի 200 բնակիչ, ունի աւելի քան 500 կով: Կովու ծախման միջին գինը Արցախի մէջ 800-1000 տոլար է, իսկ գիւղացին կը նախընտրէ չծախել իր կովը` նկատի ունենալով անոր արտադրութիւններուն կարեւորութիւնը: Ասիկա պարզապէս օրինակ մըն է: Կարելի է ընդհանրացնել: Եթէ տնտեսագիտական բառերով պիտի խօսինք, կարելի է ըսել, թէ Մոշաթաղը լուծած է իր արտադրողական հարցերուն մեծ մասը, այդտեղ անլուծելի կը մնայ սպառումի հարցը: Համարեա ամբողջ գիւղը կը զբաղի անասնապահութեամբ, հետեւաբար ունի նոյն մթերքը, հետեւաբար գիւղացիին շուկան չի կրնար կազմել իր համագիւղացին, իսկ Մոշաթաղէն պէտք է առնուազն 24 քմ չսալայատակուած ճանապարհով երթալ հասնելու համար մայր ճանապարհ, ուրկէ կարելի է հասնիլ ամէնէն մօտ քաղաքին:

Արցախի մէջ աշխատանքները կ՛ըլլան ընդհանրապէս արտադրողական հարցերու լուծման ի նպաստ: Բնականաբար այս աշխատանքը շատ կարեւոր է որոշ շրջաններու համար: Իսկ եթէ պիտի առնենք Քաշաթաղը իբրեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող շրջան,  ապա կարելի է ըսել, որ Քաշաթաղի մէջ կարգ մը գիւղեր լուծած են իրենց արտադրութիւններուն խնդիրները: Հետեւաբար կրնանք ըսել, թէ իւրաքանչիւր շրջան պէտք է ունենայ իրեն յատուկ ծրագիրը, որպէսզի կարելի ըլլայ առաւելագոյնս օգտուիլ ծախսուած գումարներէն եւ Արցախի զարգացումը ըլլայ շատ աւելի արագ ու հեզասահ:

Շարունակութեան մէջ պիտի կեդրոնանանք այն շրջաններուն վրայ, որոնք արդէն իսկ լուծած են իրենց արտադրական խնդիրները: Այս շրջաններու հարցերը կը լուծուին որոշ համայնական ծրագրերու որդեգրումով:  Արդարեւ, գիւղացին ունի հարստութիւն, որ չի կրնար փոխարինել դրամով կամ այլ պէտքերով, եւ գիւղացիին ունեցած հարստութիւնը յաճախ պարզապէս կը թափուի: Հետեւաբար ակնյայտ է, որ գիւղացին չունի այն գումարները, որոնցմով կարելի է լուծել այս խնդիրները: Հետեւաբար պէտք է հիմնուին գործարաններ, որոնք առաւելագոյնս օգտուին գիւղացիներու մթերքէն: Այսպէս, գիւղացին կը սկսի որոշ չափով ծախել իր մթերքը եւ իր հարստութիւնը փոխանակել դրամով եւ հոգալ իր այլ պէտքերը:

Դժբախտաբար Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ամէն ինչ կ՛ուղղուի դէպի անձնականացում: Եւ այս անձնականացման գործընթացին մէջ դժուար է պատկերացնել այսպիսի համամասնական ծրագրերու գոյութիւնը: Յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, թէ այսպիսի աշխատանքներ որքան որ ալ նպաստեն մեր զոյգ պետութիւններուն, անոնք կրնան այս պետութիւններուն մէջ գործող սակաւապետերուն վնասներ հասցնել: Իսկ նկատի ունենալով, որ այդ նոյն սակաւապետները յաճախ կը գտնուին իշխանութեան վրայ, կամ իրենցմէ անմիջականօրէն կախեալ են իշխանութեան վրայ գտնուող մարդիկ, ապա յստակ է, թէ պետութիւնը պիտի չձեռնարկէ նման քայլերու` յաճախ պատրուակելով երկրի պիւտճէի հարցը: Մէկ բան պէտք է յստակ ըլլայ: Աշխատանքներ, որոնց եկամուտը յստակ է, բայց անոնց պարզապէս կը պակսին սկզբնական գումարները, պետութեան համար չեն կրնար պիւտճէի խնդիր յարուցել, անշուշտ եթէ արդար է այդ պետութիւնը: Պետական պարտքերն ու դաշնակիցները հիմնականին մէջ նման բաներու համար են: Սակայն մեր պարագային այնքան նեխած է քաղաքական ու տնտեսական դաշտը, որ այսպիսի քայլ մը նոյնիսկ ցնորական կը թուի ըլլալ:

Այսպէս կարելի է ըսել, թէ պետութիւնները յաճախ նոյնիսկ դիտմամբ կ՛անտեսեն սպառողական շուկան: Մինչդեռ մենք յաճախ մեր նուիրատուութիւններն ու աշխատանքները կ՛ընենք այդ միեւնոյն պետութեան ճամբով, այդ միեւնոյն պետութեան հետ գործակցաբար:

Արցախցի գիւղացին պատրաստ է որեւէ գործի ձեռնարկելու, անիկա սփիւռքէն օգնութիւն չ՛աղերսեր, այլ անոր ուզածը համագործակցութիւնն է, որ ունենայ համատեղ շահեր: Գիւղացիին կոչն է, որ արցախցի գիւղացին եւ սփիւռքահայը ուղղակի կապուին համացանցի միջոցով եւ այդպէս միացեալ ծրագրեր մշակեն:

Ուրեմն կարելի է ըսել, թէ այսօր աշխատանքի դաշտը շատ մեծ է Արցախի մէջ: Եթէ յօդուածին սկիզբը եղած յուսալքութիւնը թօթափենք, ապա կարելի է ըսել, թէ պէտք է աշխատիլ Արցախի համար, բայց` նոր գործելաոճով եւ նոր չափանիշներով: Վերջ ի վերջոյ վերաբնակեցման համար տարուող աշխատանքներուն մեր չնչին լուման է անիկա: Անիկա մեր նուազագոյն յարգանքն է այն հայորդիներու յիշատակին, որոնք ինկան այդ շրջանները ազատագրած ժամանակ:

 

Share this Article
CATEGORIES