«Լիբանանցիները Եկան»
ՍԱԳՕ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
Այսպէս գաղտնիք մը մէջտեղ կը հանէ Տիգրանաւան գիւղի դպրոցի տնօրէնուհին` փոխադրակառքին պատուհանէն գլուխը դուրս հանած պոռալով ճամբան քալող առաջին երիտասարդուհիին, որ ուրախութենէն ցատկռտելու կը սկսի:
Հոս կը զգամ կարեւորութիւնը ԶՈՄ-ի ձեռնարկած այս գործուղումին: Մինչեւ հիմա ամէն ինչ տեսական էր, բայց երբ հասանք գործադաշտ, այդ տեսութիւնները գործնականի վերածելու ոչ շատ դիւրին, բայց հաճելի աշխատանքը կար:
Հասանք քովի գիւղը` Այգեհովիտ, ուր պիտի մնայինք մենք: Եթէ նոյնիսկ օտարութեան զգացում մը կար, արդէն չկայ: Գիւղապետին տղուն հագած վերնաշապիկը յստակօրէն կ՛ըսէ «Դէպի Երկիր 2010»: Երեք տարիներ առաջ, երկու ընկերներ մնացած են այս գիւղին մէջ եւ շապիկներ, խտասալիկներ եւ պիտոյքներ բաժնելէ բացի, գիւղացիներուն եւ մանաւանդ մանուկներուն մօտ ձգած են լաւ յիշատակներ: Մեր այցելած բոլոր տուներէն մեզի հարցուեցաւ ընկերուհի Փաթիլին եւ ընկեր Տարօնին մասին: Այս մարդիկը, որոնք կենսական հազարաւոր դժուարութիւններ ունին, զարմանալիօրէն իրենց յիշողութեան մէջ պահած են երեք տարի առաջ իրենց գիւղին մէջ տասը օր անցուցած երկու անձերուն անունները:
Այգեհովիտ գիւղին դպրոցը մեծ, երկյարկանի, վերջին երկու տարիներուն նորոգուած կառոյց մըն է, ճերմակ, մաքուր պատերով, հսկայ մարզասրահով եւ քննութեան սրահով մը օժտուած: Դպրոցը, որ կարելիութիւնները ունի 150-200 աշակերտ ընդունելու, անցած տարեշրջանին ունեցած է 30-40 աշակերտ, եւ այս թիւը յառաջիկայ տարիներուն բարձրանալու տրամադրութիւն չունի: Ցաւալի է, չէ՞: Եւ այս դպրոցը մանրանկար մըն է ամբողջ Արցախին: Բոլոր գիւղերը երիտասարդներէ եւ, հետեւաբար, ժողովուրդէ պարպուելու ընթացքի մէջ են:
Ինչ կը վերաբերի տուներու վիճակին, անոնց կարեւոր մէկ մասը, չըսելու համար կիսաքանդ, ամբողջութեամբ շինուած չեն: Կար տուն մը, որուն առաստաղը փլաւ, քանի որ նորոգութեան կը կարօտէր: Շինանիւթը դուրսը գետինն էր, բայց գիւղացին այդ նորոգութիւնը ընելը առաջնահերթութիւն չէր նկատեր: Հոս կը ծագի սովորական հարցումը. տո՞ւն, թէ՞ բնակարան: Կարծես աւելի մեր տունն էր, քան` գիւղացիինը: Քաշաթաղի գիւղերը ընդհանրապէս վերաբնակեցուած են Հայաստանի շրջաններու բնակիչներով: Ուրեմն տարօրինակ չէ երբեմն լսել նման նախադասութիւններ.
«Էտի էստեղ չի բուսնիր, Արցախում կը բուսնի», ըսաւ Արցախի Քաշաթաղ շրջանի Այգեհովիտ գիւղի բնակիչներէն մէկը:
«Դուք մնացէք, մենք երթանք ձեր քաղաքը», ըսին մեծ թիւով կիներ:
ԶՈՄ-ի ընտրած գործուղումի վերնագիրը «Քաշաթաղը իմ տունն է» արդէն կը յստակացնէ միութեան ունեցած նպատակներէն մէկը: Քաշաթաղի բնակիչներուն մէջ ամրապնդել իրենց հողին հետ կապը` անոնց փոխանցելով կարեւորութիւնը այդ շրջանին եւ, աւելի՛ն, իրենց ներկայութիւնը այդ շրջանին մէջ:
Բայց բաւարար չէ միայն այնտեղ բնակողին բացատրել իր որոշումին ճշդութիւնը: Ասոր զուգահեռ, հիմնական նպատակին հասնելու համար պէտք է «Դէպի Երկիր» գաղափարը տարածել սփիւռքի մէջ: Կապել սփիւռքահայը իր հայրենիքին, զգացնել իր կարեւորութիւնը` բարեփոխութեան գործընթացին մէջ: Թող սփիւռքահայը համոզուած տեղափոխուի հայրենիք, եւ` ոչ ստիպուած:
17-10-13

