«Ազդակ» Կը Մասնակցի «Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Կազմակերպած Լրագրողներու Համախմբումին

Երէկ Պոլսոյ մէջ ընթացք առաւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի կազմակերպած յառաջատար լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու երկխօսութիւնը, որ կ՛աւարտի չորեքշաբթի, 6 նոյեմբերին: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ հանդիպումներ թուրք լրագրողներու եւ քաղաքագէտներու հետ, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Միքայէլ Վարդանեանի հետ, ինչպէս նաեւ այցելութիւններ պոլսահայ համայնքի կեդրոններ: Մէկ շաբաթ տեւող ծրագիրին ընթացքին նաեւ նախատեսուած է երկօրեայ այցելութիւն Տիգրանակերտ, ուր ծրագիրին մասնակիցները հանդիպում պիտի ունենան Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի հետ, ինչպէս նաեւ քաղաքի օրաթերթերէն ներկայացուցիչներու հետ եւ պիտի այցելեն Ս. Կիրակոս եկեղեցի:

Հայաստանէն ծրագիրին կը մասնակցին «Կենտրոն» պատկերասփիւռէն, Media.am-էն, «Հետք»-էն, «Սիվիլնեթ»-էն, Հայաստանի պետական ձայնասփիւռի կայանէն, «Ճէյնիուզ»-էն եւ «Արմնիուզ»-էն ներկայացուցիչներ:

Դանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ֆինանսաւորումով տեղի ունեցող իր տեսակին մէջ 5-րդը եղող ծրագիրին նաեւ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցին սփիւռքէն Փարիզի «Նոր Յառաջ» եւ Պոսթընի «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթերու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի «Քննական ոսպնեակ» խմբակի անդամներէն Տօնիկ Տօնապետեան:

Share this Article
CATEGORIES