Վահէին «Եթէ»-ն Անձկութեան Մասին` Առանց Անձկութեան

Ն. Բ.

 

 

 

 

 

 

 

 

Վահէ Պէրպէրեան… «Եթէ»… Անձկութիւն…

Վահէին Լիբանան գալու առաջին յայտարարութենէն իսկ լիբանանահայութիւնը սկսաւ ապրիլ այն անձկութիւնը, որուն մասին խօսեցաւ Վահէն երէկ` 31 հոկտեմբերի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմին վրայ, մանաւանդ որ շատ արագ սպառած տոմսերը առաւել շեշտուած դարձուցին այս զգացումը` թէ՛ հանդիսատեսին, եւ թէ՛ կազմակերպիչին մէջ: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ աթոռ մը գտնելու եւ Վահէն վայելելու առիթ ունենալու փափաքին եւ տեղերու չգոյութեան հանդիպումէն ծնունդ առած անձկութեան մասին հաւանաբար չի գիտեր մենակատար-արուեստագէտը, սակայն ինչ զուգադիպութեամբ ան իր մենաներկայացման հիմնական նիւթը ընտրած էր այդ անձկութիւնը:

Վահէն բեմին վրայ է կրկին… Պարզութեամբ պարուրուած տիրական ներկայութիւն մը, աթոռ ու սեղան մը, բարձրախօս մը եւ իսկական տաղանդաւոր մը: Արդէն բեմին յարդարանքը ամբողջացած է եւ բաւարար` երկու ժամ տեւողութեամբ գրաւելու հանդիսատեսը, տիրանալու անոր ուշադրութեան, զայն ամբողջովին ձերբազատելու ամէն տեսակ անձկութենէ ու նեղութենէ, անոր պարգեւելու հաճելի, խնդուքով լեցուն երեկոյ մը:

«Եթէ»-ին առանցքը ամէն մարդու ապրած, սակայն յաճախ անոր գոյութիւնը չզգացած ու անոր հետ դէմ յանդիման կանգնելու յանդգնութիւնը չունեցած զգացում մըն է` անձկութիւնը, որուն պատճառները բազմազան են, բազմազան են նաեւ անդրադարձներն ու հետեւանքները: Վահէ Պէրպէրեան այս զգացումը իբրեւ ելակէտ եւ թիրախ ընտրելով` սրահը լեցուցած լիբանանահայ հանդիսատեսին ներկայացաւ իր կեանքէն առնուած պատկերներով, իր առօրեային մէջ տեղի ունեցած դէպքերով, ընդհանրապէս ընկերութեան եւ յատկապէս հայութեան վերաբերող դրուագներով, որոնք կրնան անձկութիւն յառաջացնել: Սակայն հետաքրքրականն ու իւրայատուկը այն էր, որ այս բոլորը բեմին վրայ տողանցեցին Վահէի սրամտութեան, երգիծական տաղանդին եւ դէպքերը ծիծաղ սերմանելու ընդմէջէն ներկայացնելու բացառիկ կարողութեան ընդմէջէն: Հանդիսատեսը երկու ժամ շարունակ ապրեցաւ Վահէին հետ, պտտեցաւ անոր տարած ճամբաներով, խնդաց անոր հետ, ուշադրութեամբ դիտեց Վահէի անմիջական, պարզ եւ հաղորդական շարժումները, ունկնդրեց անոր հրամցուցած եւ վարպետութեամբ իրարու կապած իրադարձութիւնները, նաեւ ինքնաբերաբար մտածեց ու զուգահեռներ գծեց Վահէին պատմածին եւ իր ապրած կեանքին միջեւ` անպայման հասարակաց գիծեր գտնելով:

Մենաներկայացման ընդմէջէն յստակ կերպով երեւցաւ այն, որ Վահէ Պէրպէրեան դիտող ու ամբարող է, տեսնող ու պահող, երեւոյթները նկատելու կողքին անոնց մասին մտածող, բոլորին ուշադրութենէն վրիպած, սակայն բոլորին կեանքին մէջ առկայ տուեալներուն ուշադրութիւն դարձնող եւ զայն իր պրիսմակին ընդմէջէն հանդիսատեսին ներկայացնող:

Բեմին վրայ առանձին կանգնած, բեմն ու սրահը գերող Վահէ Պէրպէրեան անձկութեան վերաբերող իր «Եթէ»-ով առիթ տուաւ լիբանանահայութեան ապրելու անձկութենէ զուրկ երեկոյ մը` ժպիտն ու ծիծաղը նաեւ անոնց հետ իրենց տուները «ղրկելով»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )