2-3 Նոյեմբերին. Աբրահամ Նենեճեանի Անուան ՀՄԸՄ-ի Միջմասնաճիւղային Ֆութպոլի Մրցաշարք
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի յանձնախումբին, 2-3 նոյեմբեր 2013-ին «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի միջմասնաճիւղային մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի հետեւեալ խումբերուն. Պուրճ Համուտ, Ֆանար, Ժըտէյտի, Անթիլիաս, Թրիփոլի, Ռաուտա, Այնճար եւ Պէյրութ:
Այս մրցաշարքը նուիրուած է յիշատակին ՀՄԸՄ-ի անցեալի ֆութպոլիստ Աբրահամ Նենեճեանի (պզտիկ Աբօ), որ 60-ականներուն եւ 70-ականներուն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին:
1946-ին ծնած Աբրահամ Նենեճեան մահացաւ 18 հոկտեմբեր 2013-ին` Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Նշենք, որ մրցաշարքը պիտի ընթանայ նաք-աութի դրութեամբ, այսինքն` պարտուող խումբը այլ մրցում չունի կատարելիք, մինչ յաղթական չորս խումբերը կ՛ապահովեն կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը.
| ՇԱԲԱԹ, 2 ՆՈՅԵՄԲԵՐ | ԺԱՄ |
| 1.- ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – ՀՄԸՄ Ֆանար | 15:00 |
| 2.- ՀՄԸՄ Ժըտէյտի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս | 16:30 |
|
ԿԻՐԱԿԻ, 3 ՆՈՅԵՄԲԵՐ |
|
| 3.- ՀՄԸՄ Թրիփոլի – ՀՄԸՄ Ռաուտա | 9:00 |
| 4.- ՀՄԸՄ Այնճար – ՀՄԸՄ Պէյրութ | 10:30 |
|
ԿԻՍԱՒԱՐՏԱԿԱՆ |
|
| Թիւ 1 մրցումին յաղթականը – թիւ 2 մրցումին յաղթականը | 13:00 |
| Թիւ 3 մրցումին յաղթականը – թիւ 4 մրցումին յաղթականը | 14:30 |
ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 18:00-ին, որմէ ետք պիտի կատարուի մրցանակաբաշխութիւնը:

