Ռուբէն Հայրապետեան. «Մեր Հաւաքականը Պէտք Է Մասնակցի Եւրոպայի Կամ Աշխարհի Ախոյեանութեան. Ատիկա Կեանքիս Նպատակն Է»

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան ֆետերասիոնի իր գրասենեակին մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ինք ինչպէ՞ս կը գնահատէ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումները եւ գլխաւոր մարզիչին` Վարդան Մինասեանի հեռանալը, ան ըսաւ.

«Մենք նպատակ ունէինք Պրազիլի տոմս մը ապահովել, սակայն ձախողեցանք ատոր մէջ` դժբախտաբար: Կ՛ուզէի աշխատանքը շարունակել Մինասեանի հետ` նկատի ունենալով, որ շատ լաւ գիտեմ անոր կարողութիւնները եւ նուիրուածութիւնը` մեր ազգային հաւաքականին եւ առհասարակ հայկական ֆութպոլին նկատմամբ: Իմ կարծիքովս, ան շատ բան ունէր տակաւին կատարելիք: Ես չյաջողեցայ իրեն համոզել, որ մնայ իր պաշտօնին վրայ, բայց եւ այնպէս, տակաւին պիտի փորձեմ, որ ան ետդարձ կատարէ իր տուած որոշումէն:

Ան ներկայիս միջազգային բարձր մակարդակի մարզիչ է, ինչ որ հպարտանալու մեծ առիթ կու տայ մեզի»:

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ նոր մարզիչի փնտռտուքի աշխատանքները սկսա՞ծ են, ան յայտնեց.

«Քանի մը մարզիչի հետ ներկայիս բանակցութիւններ կը կատարենք, բայց այս պահուն անոնց անունները չեմ ուզեր հրապարակել: Երբ բանակցութիւնները աւարտին եւ ճշգրիտ բան մը յստականայ, մամուլին կամ ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջին միջոցով բոլորը տեղեակ կը պահենք: Ով որ ալ ըլլայ նոր մարզիչը, այնպէս մը պէտք է ընենք, որ ան եւ ֆութպոլիստները շատ արագ ընտելանան իրարու»:

«Ինչ կը վերաբերի Միշել Տէր Զաքարեանին մասին շրջան ընող լուրերուն, ես թէեւ առաջինը եղայ իր հետ բանակցութիւններ կատարող, սակայն ան պայմանագրութիւն ստորագրած է այլ կազմի մը հետ: Ես 2009-ին զինք հրաւիրեցի հաւաքականը մարզելու: Ան թէեւ այդ հրաւէրը մերժեց, սակայն անոր հետ յոյսերս չեմ կտրած, որովհետեւ ան բարձրորակ մարզիչ է եւ ունի հայկական մտածելակերպ:

Անդրադառնալով հաւաքականին յառաջիկայ ծրագիրներուն` Հայրապետեան ըսաւ.

«Կու գամ ըսելու, որ նոյեմբեր ամսուան ընթացքին մտադիր չենք ֆութպոլի բարեկամական մրցում կատարելու, որովհետեւ գլխաւոր մարզիչ չունինք: Այնուամենայնիւ, կու գամ ըսելու, որ մեր պատրաստութիւնները պիտի ըլլան շատ զօրաւոր` Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուան հասնելու համար: Մեր հաւաքականը պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ` մասնակցելու համար Եւրոպայի կամ աշխարհի ախոյեանութեան: Ատիկա կեանքիս նպատակն է: Ամէն գնով պիտի պայքարիմ այդ նպատակը իրականացնելու համար եւ` առանց յուսահատելու»:

Հայրապետեան մամլոյ ասուլիսը եզրափակեց նշելով, որ Սերճիօ Մարգարեանի` հաւաքականին մարզիչի պաշտօնը ստանձնելը բոլորն ալ վերջնականապէս պէտք է մոռնան, որովհետեւ ան այս էջը կ՛ուզէ փակուած նկատել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES