Իրանի Մէջ Հակաամերիկեան Պաստառները Անօրինական Ճանչցուած Են

ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թեհրանի մէջ զանգուածաբար կը վերցնեն Միացեալ Նահանգներու դէմ ուղղուած պաստառները: Հսկայական վահանակները կը տեղափոխուին բեռնատարերով:

Պաշտօնապէս այդ որոշումը կը բացատրուի այն հանգամանքով, որ Թեհրանի մէջ տեղադրուած պաստառները քաղաքապետութեան համաձայնութեամբ չեն զետեղուած: Սակայն բացատրութիւն չի տրուիր, թէ ինչո՛ւ այդ պաստառները վերջին տարիներուն չեն վերցուած:

Արտասահմանցի դէտերը Թեհրանի այս քայլը կը կապեն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ յարաբերութեանց որոշ ջերմացումին:

«Սի.Էն.Էն.» կը հաղորդէ, որ նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Հասան Ռուհանի վերջերս մինչեւ իսկ նամակներ փոխանակած են:

Սակայն Իրանի դէմ պատժամիջոցները տակաւին չեն վերցուած:

Share this Article
CATEGORIES