Թուրքիոյ Մէջ Կ՛առաջարկուի Վանի Անունը Փոխել
«Արմենփրես» կը նշէ, որ թրքական անկախ «Թի24» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի Վանէն ընտրուած անկախ երեսփոխան Այսել Թուղլուք Վանի անունը Ուանի փոխելու վերաբերեալ օրէնսդրական առաջարկ ներկայացուցած է խորհրդարանին:
Ազգութեամբ քիւրտ երեսփոխանը յայտարարած է, թէ հարիւրամեակներ շարունակ Վանը «ինքնին Ուան կոչուած է»: «Վանի անունը փոխելով եւ զայն իսկական` Ուան անունով կոչելով վերջ պիտի դրուի շրջանի ժողովուրդի (քիւրտ) մշակութային արժէքներուն դէմ իրագործուած հակաժողովրդավարական միակողմանի տնօրինութեան: Հնչիւնաբանական (քրտերէնի) տեսանկիւնէն` քաղաքին անունն ալ ճիշդ պիտի արտասանուի», ըսած է ան:
CATEGORIES Հայկական