«Վրաստանի Իշխանութիւնները Կը Փորձեն Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կարգաւորել» Կ՛ըսէ Մարկվելաշվիլի

Կէորկի Մարկվելաշվիլի

«Արմենփրես»` յղում կատարելով «Նովոսթի Կրուզիա»-ին, կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահական ընտրութեան ընթացքին յաղթանակ արձանագրած Կէորկի Մարկվելաշվիլի «Պի.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանէն յայտարարած է, որ Վրաստանի իշխանութիւնները կը փորձեն Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել:

«Մենք Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները կ՛ամրապնդենք քաղաքական եւ տնտեսական ուղղութիւններով, մենք կը փորձենք վերականգնել տնտեսական յարաբերութիւնները Ռուսիոյ հետ, թուլցած է լարուածութիւնը, որ գոյութիւն ունի տագնապի շրջաններուն մէջ (Աբխազիոյ եւ Ցխինվալի շրջան), ինչպէս նաեւ կը փորձենք կարգաւորել յարաբերութիւնները մեր հիւսիսային դրացիին հետ», ըսած է ան:

Մարկվելաշվիլի նաեւ նշած է, որ «27 հոկտեմբերին Վրաստան կատարած է պատմական ընտրութիւն մը, որուն ճամբով անգամ մը եւս ապացուցուած է երկրին դարաւոր ձգտումը դէպի Եւրոպա»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )