«Սուրիոյ Նախագահի Պաշտօնին Համար Կ՛աջակցինք Ոեւէ Անձի, Որ Ժողովուրդի Վստահութեան Կ՛արժանանայ» Ըսաւ Պոկտանով

Միխայիլ Պոկտանով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայիլ Պոկտանով յայտարարեց, որ «Մոսկուա Սուրիոյ նախագահի պաշտօնին համար կ՛աջակցի ոեւէ անձի, եթէ սուրիացի ժողովուրդին վստահութեան արժանանայ»: Ան նշեց, որ Ռուսիա «կոչ կ՛ուղղէ նոյեմբերի աւարտէն առաջ «Ժընեւ-2»-ը գումարելու»:

Պոկտանով նաեւ յայտնեց, որ «Մոսկուայի կարծիքով, Սուրիոյ քիմիական զէնքերը 2014-ի կէսէն առաջ ոչնչացնելու առաքելութիւնը ամբողջովին գործադրելի է»:

Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիմիական զէնքերու յայտարարուած ամբողջ արդիւնաբերութիւնը ոչնչացուած է: Ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Սուրիոյ քիմիական բոլոր զէնքերը կարմիր մոմով կնքուած են:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթի` սուրիական կայքէջի մը յղում կատարելով հաղորդած այն լուրէն ետք, թէ Լաթաքիոյ ծովափին վրայ սուրիական զինուորական դիրք մը ծովէն հրթիռարձակումի ենթարկուելով քանդուած է, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ հրթիռարձակումի թիրախ դարձած ռազմակայանը «Եախոնթ» հրթիռներու դիրք մըն է: Իսկ Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը նշեց, որ Լաթաքիոյ նաւահանգիստին մօտ գտնուող դիրքի մը դէմ հրթիռարձակման թիրախը ռուսական «Էս-125» հակաօդային գերարդիական համակարգ մըն էր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )