Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շեշտեց, որ ինք տակաւին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ կը քննարկէ քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարին վերաբերող կառավարութեան յատուկ նիստ մը գումարելու կարելիութիւնը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ հաւանական նկատեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի քարիւղի եւ բնական կազի թղթածրարին վերաբերող կառավարութեան յատուկ նիստի գումարման մասին իր կեցուածքը փոխէ, եթէ Մուսթաքպալ հոսանքը կարենայ իր կեցուածքը փոխել:
ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին շեշտած է, որ յառաջիկայ հանգրուանը պիտի վկայէ քաղաքական հեզասահ ընթացք: Ան նշած է նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան առանցքը յաջողութիւն արձանագրած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պէտք չունի յոխորտալու, թէ Սուրիոյ մէջ յաղթանակ արձանագրուած է, որովհետեւ անոր մտերիմ բարեկամ Պաշշար Ասատ իշխանութեան վրայ պիտի չմնայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Ապպաս Հաշեմ շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի իր դիմակը վար առած է` Թրիփոլիի զինեալները հովանաւորելու առումով:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ալի Իտի եւ անոր աւազակախումբին հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս վարուած են Ահմետ Ասիրի հետ, այլապէս` սիւննի երեսփոխաններն ու նախարարները հրաւիրուած են հրաժարելու, մագլցողական քայլեր արձանագրելու եւ քաղաքացիական անհնազանդութիւն կատարելու:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Սուրիոյ մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսները ողջ են եւ զանոնք ազատ արձակելու առումով ընթացող բանակցութիւնները կ՛ընդգրկեն Սուրիոյ մէջ բանտարկուած թուրք սպաներու ազատ արձակումին պահանջը:
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ սպայ մը յայտնեց, որ Հըզպալլա միակն է, որուն կարելի չէ լրտեսել` նկատի ունենալով, որ Հըզպալլային լրտեսելու քայլերը դիւրացնող ելեկտրոնական կնիք չկայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան կոչ ուղղեց ջնջելու բոլոր անցարգելները` Լիբանանը պաշտպանող միացեալ ենթահողի մը վրայ հանդիպելու նպատակով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ տակաւին նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վստահութիւնը կը վայելէ եւ ան տակաւին կը քննարկէ կառավարութիւն մը կազմելու ելքերը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ յատուկ աղբիւրներ հաւանական նկատեցին, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հանդիպում մը ունենայ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը փափաքի ունենալ կառավարութիւն մը, որ 9+9+6 տարազին հիման վրայ կազմուած է եւ քաղաքական բոլոր կողմերը կը համախմբէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ չկայ լիբանանցիներուն մտահոգութիւնները փարատող կառավարական կազմ մը, եթէ ան համախմբելու յատկութիւն չունենայ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ ճնշումներ կը բանեցուին` վաւերացնելու համար կառավարութեան կազմ մը, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու մասնակցութիւնը չ՛ապահովեր:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ յառաջիկայ երեքշաբթի, 5 նոյեմբերին, հարցազրոյցի մը ընթացքին պիտի բացատրէ 9+9+6 կառավարական տարազին կառչած մնալու իր կեցուածքը, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին եւ տարբեր ընդդիմութիւններու վերածուած լիբանանեան ընդդիմութեան:

