Ազատ Արձակուած Լիբանանցիները Այցելեցին Ապպաս Իպրահիմի
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց ազատ արձակուած լիբանանցիները, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Իպրահիմի` իրենց ազատ արձակումին նպատակով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
Ապպաս Իպրահիմի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրան, որուն հետ քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան

