Մանսուր-Զասպիքին Հանդիպում
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Զասպիքին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է միջազգային ընտանիքին կողմէ ամէն ջանք ի գործ դնել` գումարելու համար «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը:
Զասպիքին անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ տագնապին տարբեր կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը:
Ան ընդգծեց, որ ըստ երեւոյթին, սուրիական ընդդիմութիւնը իր կարգին կարիքը ունի «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելու նշաններ ստանալու, որովհետեւ Սուրիոյ կառավարութիւնը արդէն իսկ համաձայնութիւն յայտնած է մասնակցելու այդ խորհրդաժողովին:
«Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին կայացումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Զասպիքին շեշտեց, որ այդ խորհրդաժողովին թուականը կարելի է ճշդել, միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի եւ ռուսական ու ամերիկեան եռեակ հանդիպումին հիման վրայ: