Ժլալա Ականահարումի Թիրախ
Պեքաայի Ժլալա շրջանին մէջ երէկ պայթեցաւ ական մը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը տեղեկութիւններ ստացած էր, թէ Ժլալա-Շթորա ճամբուն եզերքը կը գտնուի կասկածելի սարք մը եւ այդ իսկ պատճառով բանակէն ջոկատ մը կ՛ուղղուէր դէպի նոյն վայրը:
Հաղորդագրութեան համաձայն, ականը պայթած էր նախքան բանակի սակրաւորներուն դէպքին վայրը ժամանելը:
Ըստ հաղորդագրութեան, ականը, որ կը կշռէր 300 կրամ պայթուցիկ նիւթ, անթել հաղորդակցութեամբ պայթեցուած էր, եւ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:
Բանակը այս միջադէպին մասին հետաքննութիւն բացաւ եւ ձերբակալեց երկու կասկածելիներ, որոնք դէպքին վայրը կը գտնուէին:
CATEGORIES Լիբանանեան


