Եունեսքօ-ի Մէջ. Մուսա Սատըրի Անուան Հաստատութիւններուն Հիմնադրութեան Յիսնամեակի Նշում

Պըրրի իր խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն

Եունեսքօ-ի պալատին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` նուիրուած իմամ Մուսա Սատըրի անուան հաստատութիւններուն հիմնադրութեան յիսնամեակին:

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, որ նաեւ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահը, արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր, որ կը ներկայացնէր հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, ինչպէս նաեւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի դրուատեց Մուսա Սատըրի անուան հաստատութիւններն ու անոնց գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ իմամ Մուսա Սատըր գործած է ի խնդիր երկխօսութեան եւ մարդ անհատին ծառայութեան:

Անդրադառնալով անյայտ կորսուած Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի ազատ արձակման թղթածրարին` Պըրրի ըսաւ, որ 31 օգոստոսին իր արտասանած խօսքերուն վրայ բառ մըն իսկ պիտի չաւելցնէ, որովհետեւ Լիբանան տակաւին լիպիական իշխանութիւններէն եղբայրական նախաձեռնութիւններ կ՛ակնկալէ:

«Մենք տեղեակ ենք այս իմաստով արձանագրուած դաւադրութիւններէն եւ գրաւ կը դնենք հետաքննութիւններուն վրայ: Իբրեւ լիբանանեան պետութիւն եւ իշխանութեան պետեր Լիպիայէն կ՛ակնկալենք զօրակցիլ Լիբանանին, որպէսզի Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն ազատ արձակումով կատարելագործուի Լիպիոյ յեղափոխութիւնը», ըսաւ ան:

Ներքին լիբանանեան քաղաքական առումով Պըրրի շեշտեց, որ ինք տակաւին անշեղ կը մնայ իր առաջադրած նախաձեռնութենէն` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին միջազգային պայմանները փոխուած են, «ինչպէս նաեւ փոխուած է սեղանին վրայ զետեղուած Միջին Արեւելքը», աւելցուց ան:

Պըրրի խորհուրդ տուաւ, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական աշխատանքը աշխուժանայ` հաշուի առնելով Լիբանանի ազգային շահերը եւ յանգելու համար լիբանանեան արտադրութիւն նկատուող լուծումներու:

Պըրրի շեշտեց, որ անընդունելի է Թրիփոլին վերածել զուտ հիւսիսային հարցի մը եւ զայն պարպել ազգային իր խորքէն. ան հաստատեց, որ հիւսիսը հարաւին զոյգն է եւ Լիբանանի երկրորդ մայրաքաղաքը:

Խորհրդարանի նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանանի համար «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» եռեակ տարազը ադամանդեայ արժէք մըն է` աւելցնելով, որ Լիբանան պէտք է իր բնական հարստութիւնը պաշտպանէ` առանց զիջումներու:

Այս շրջագիծին մէջ, Պըրրի կոչ ուղղեց գործադրելու ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը, շեշտելով, որ անիկա կը պարտադրէ ոչ միայն հողային, այլեւ` ծովային սահմանագծում կատարել:

Share this Article
CATEGORIES