Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ընկերային հարցերը:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէն, որմէ ստացաւ նամակ մը, որ կը վերաբերէր Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութեան:

Սաատէի ներկայացուցած նամակին մէջ նշուեցաւ, որ Թրիփոլի պետութեան կողմէ անտեսումի եւ զրկանքի զոհ կը նկատուի, եւ այդ պատճառով ալ շրջանին սկսած են իշխել աւազակախումբերն ու զինեալները:

Զինեալներէն ոմանք համոզուած են, թէ իրենք իրենց արժանապատուութիւնն ու երկիրն է, որ կը պաշտպանեն, իսկ ուրիշներ արտաքին օրակարգեր կը գործադրեն:

Սաատէ պահանջեց ամրապնդել Թրիփոլիի մէջ բանակին որդեգրած ապահովական ծրագիրը եւ գրաւել զէնքի պահեստանոցները, նոյնիսկ եթէ կարիքը զգացուի կառավարութեան արտակարգ նիստ մը գումարելու:

Նշենք, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի այսօր Պէյրութի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահին, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուրի հետ:

Share this Article
CATEGORIES