Հիւսիսային Լիբանանը Սեւերով Դիմաւորեց Իր Խեղդամահ Զաւակները, Իսկ Թրիփոլիի Մէջ Շարունակուեցան Զինեալ Բախումները
Թրիփոլիի մէջ երէկ զինեալ բախումները դարձեալ ծանր թափով շարունակուեցան` չսահմանափակուելով միայն Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ արձակազինութեամբ եւ ռմբակոծումներով, այլեւ` թիրախ դարձնելով նաեւ լիբանանեան բանակը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին կողմէ` Թրիփոլիի մզկիթները թիրախ դարձուցած պայթումներուն հարցով Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ալի Իտը հարցաքննութեան կանչելը, ինչպէս նաեւ այդ պայթումներուն Իտի ուղղակի մեղսակցութեան ակնարկող «փաստերը» պատճառ դարձան աւելի ծանր թափով շարունակելու զինեալ բախումները:
Իտը հարցաքննութեան կանչելու յանդգնութեան դէմ բողոքի իբրեւ կեցուածք Ժապալ Մըհսենի կարգ մը դպրոցներուն մէջ դասադուլ կատարուեցաւ, իսկ Հքըր Տահիրիի մէջ Իտի բնակարանը լեցուեցաւ անոր համակիրներով, որոնք զօրակցութիւն յայտնեցին անոր:
Իտ շեշտեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ տեղեկահաւաքի բաժանմունքին մօտ հարցաքննուիլ, որովհետեւ անիկա կառոյց մըն է, որուն նկատմամբ իրենք վստահութիւն չունին:
Իտ շեշտեց, որ ո՛չ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր եւ ո՛չ ալ Սաքըրին պատասխանատուները կրնան մղել, որ ինք հարցաքննուի:
Միւս կողմէ, ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ ալեւի համայնքը ոչ մէկ ձեւով մեղսակցած է Թրիփոլիի Թաքուա եւ Սալամ մզկիթներուն պայթումներուն:
Ան ընդգծեց, որ իրենք տակաւին կը սպասեն, որ այդ պայթումներուն մասին օրինական եւ ազգային հետաքննութիւն մը հրապարակուի եւ ոչ թէ քաղաքական, կողմնակալ ու արտաքին շահերու ծառայող հետաքննութեան:
Շէյխ Ասի յայտնեց, որ Ալի Իտը հարցաքննութեան կանչել կը նշանակէ ալեւի համայնքի խորհրդանիշը հարցաքննութեան կանչել, ինչ որ մերժելի է եւ անկարելի է նման քայլի դիմել:
Նշենք, որ ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ալի Իտ պատասխանատու է Թրիփոլիի մզկիթներուն պայթումին հիմնական ամբաստանեալներէն Ահմետ Մերհիի փախուստին:
Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Յուղարկաւորութիւններ`
Ինտոնեզիոյ Ծովամոյն Նաւուն Լիբանանցի Զոհերուն
Հիւսիսային Լիբանանի եւ յատկապէս Աքքարի լքուած ու անտեսուած իրավիճակէն եւ տնտեսական վատ կացութենէն փախուստ տուած ու փայլուն ապագայ մը կերտելու երազով Ինտոնեզիա ուղղուած լիբանանցիները երէկ Լիբանան փոխադրուեցան իբրեւ անշնչացած դիակներ:
Ինտոնեզիոյ ծովամոյն նաւուն մէջ գտնուող 34 լիբանանցիներուն դիակները երէկ հասան հիւսիսային Լիբանան:
Անոնցմէ ոմանք հողին յանձնուեցան Թրիփոլիի մէջ, իսկ 18 դիակներ փոխադրուեցան Աքքարի Պըրքայել շրջանը:
Անոնց յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի ներկայացուցիչ շէյխ Զէյտ Զաքարիան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանութեան երեք պետերուն` այս թղթածրարին հետեւելու եւ զայն փակելու համար:
Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որ անձամբ հոգաց լիբանանցիներուն դիակները Լիբանան փոխադրելու ծախսերը:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան հոգ տանելու Աքքարին, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր լքուած կը մնայ:
Մնացեալ 16 դիակները փոխադրուեցան Աքքարի Քապյիթ գիւղաքաղաքը, ուր խոր սուգի մթնոլորտի մը մէջ կատարուեցաւ անոնց յուղարկաւորութիւնը:
Քապյիթի քաղաքապետ Համզէ Ապպուտ շնորհակալութիւն յայտնեց երկրին իշխանութեան պետերուն` իրենց զաւակներուն դիակները Լիբանան վերադարձնելու առիթով, եւ մաղթեց, որ պետութիւնը շարունակէ հետապնդել նաեւ միամեայ երեխայ Ալի Ասաատի դիակը գտնելու աշխատանքները` Ինտոնեզիոյ կառավարութեան հետ գործակցաբար:
Միւս կողմէ, Քապյիթի թաղապետը լիբանանեան պետութենէն պահանջեց հատուցել զոհերուն հարազատներուն:
Նշենք, որ երէկ կէսօրուան ժամը 12:30-ին, 34 լիբանանցիներուն դիակները մահերգով դիմաւորուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, ուրկէ անոնք քաղաքացիական պաշտպանութեան հիւանդատարերով փոխադրուեցան Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէի հրապարակը, իսկ հոնկէ` իրենց ծննդավայրերը:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել Պէյրութի միջազգային օդակայանէն յայտնեց, որ այս հարցով մեղսակցող, քաջալերող ու կազմակերպող կողմերը ծանօթ են եւ անոնց անունները կը գտնուին դատական իշխանութիւններուն մօտ:
Շարպել յայտնեց, որ անոնք ձերբակալուած են, իսկ փախուստ տուողներուն դէմ բերման գիրեր հրապարակուած են, եւ անոնց ձերբակալումը պիտի հետապնդուի Ինթըրփոլի կողմէ:



