«Ազրպէյճանի Զինուորական Սադրանքի Պարագային Հայաստանի Մէջ Ռուսական Ռազմակայանը Կրնայ Միջամտել» Կ՛ըսէ Գնդ. Ռուզինսքի
Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ ռազմակայանի զօրախումբի հրամանատար գնդապետ Անտրէյ Ռուզինսքի յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի յարձակման պարագային ռուսական ռազմակայանը կրնայ ներգրաւուիլ զինուորական գործողութիւններուն մէջ:
«Քրասնայա զվեզտա» թերթին մէջ հրապարակուած հարցազրոյցին մէջ` անդրադառնալով ռազմակայանի պատասխանատուութեան գօտիի ռազմաքաղաքական կացութեան` Ռուզինսքի նշած է, որ անիկա «կը մնայ անհանգիստ եւ կը բնութագրուի շարք մը ապակայունացնող գործօններով` կապուած հայ-ազրպէյճանական տագնապի շրջանին մէջ դիմակայութեան սրումին հաւանականութեան հետ»:
«Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ իրաւասութիւնը ուժային ճամբով վերականգնելու վերաբերեալ որոշումի որդեգրման պարագային ռազմակայանը, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ծիրին մէջ Ռուսիոյ պայմանագրային պարտաւորութիւններուն համապատասխան, կրնայ միջամտել զինուորական տագնապին», ըսած է Ռուզինսքի:
Ան յայտնած է, որ ռազմակայանը գործողութեանց համար մշտապէս պատրաստ միաւորում մըն է, որ կը ներառէ 13 հիմնական ստորաբաժանում եւ համակողմանի ապահովման 17 ստորաբաժանում:
Ռուզինսքի նշած է, որ Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռազմակայանին առանձնայատկութիւնը այստեղ «Սի-300Պի» հակաօդային համալիրներով զինուած ստորաբաժանումի, «ԲուԿ-Մ1-2» հակաօդային համալիրներու ստորաբաժինի, «Սմերչ» հրետանային մարտկոցի եւ «Միկ-29» պատերազմական օդանաւերու ռազմակայանի գոյութիւնն է:
«Ուժերու այս ծաւալը թոյլ կու տայ յաջողութեամբ լուծելու զօրախումբին առջեւ դրուած խնդիրները», աւելցուցած է ռազմակայանի հրամանատարը:

