Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ Համագումարին
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին գլխաւորած պատուիրակութիւնը 28 հոկտեմբերին մեկնած է Հարաւային Քորէա` մասնակցելու 30 հոկտեմբերէն 8 նոյեմբեր Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ կայանալիք Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի 10-րդ համագումարին:
«Կեանքի Աստուած, առաջնորդէ մեզ դէպի խաղաղութիւն եւ արդարութիւն» խորագիրը կրող համաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պուսանի ցուցահանդէսներու սրահին մէջ, ուր համաժողովի 4000 մասնակիցներուն իր պատգամը յղեց Ամենայն հայոց կաթողիկոսը:
Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. համաժողովի բացման ընթացքին կոչ ուղղեց օգնելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն:
Այս նիւթին անդրադարձ կատարեցին նաեւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարը, միջքրիստոնէական մեծ կազմակերպութիւններ, խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Օլաֆ Թուէյթ եւ վեհաժողովի շարք մը մասնակիցներ, որոնք խօսք առին առաջին օրը:
«Ռիա Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ քրիստոնեաներու հալածանքներու խնդիրին յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ ռուսական ուղղափառ եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը` Իլարիոն Վոլոքոլամսքի գլխաւորութեամբ:
«Մենք խորապէս ցնցուած ենք մեր խաչակից եղբայրներու եւ քոյրերու սարսափելի տառապանքներէն: Վերջին տարիներուն մենք աւելի յաճախ ականատես կը դառնանք ծայրայեղականներու կողմէ անոնց հալածանքներուն (եւ երբեմն` իշխանութիւններու անտարբերութեան պատճառով) այն բանին համար, որ իրենք քրիստոնեայ են… Միջին Արեւելքի մէջ բռնութեան ենթարկուող քրիստոնեաները կը վկայեն մեր օրերուն նահատակութեան մասին: Պէտք է ապաւինիլ մեր ուժերուն, մեր հայրենի երկիրներուն եւ այս վեհաժողովին` միաւորելու համար մեր ձայները եւ գործողութիւնները` բռնութիւնը կանխելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելուն նպաստելու համար», յայտարարեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ:
Ըստ անոր, առաքելական ժամանակներէն քրիստոնէական համայնքները Միջին Արեւելքի մէջ ապրած են խաղաղ եւ բարեբեր, քրիստոնեաները խաղաղարարներու պատմական դեր ունեցած են շրջանին մէջ:
«Մենք պէտք է վճռականօրէն յայտարարենք մարդկային իրաւունքներու ուսմունքի համընդհանրութիւնը. խօսքը Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ կեանքի համար մղուող պայքարին մասին ըլլայ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի ազատ բնակիչներու ինքնորոշման իրաւունքին մասին», նշեց Ամենայն հայոց վեհափառ հայրապետը:
Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ 2015-ին կ՛ամբողջանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, եւ խորհուրդին ու աւելի քան 20 երկիրներու շնորհակալութիւն յայտնեց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու համար:
Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը, Վիգէն արք. Այքազեանը (Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմ), Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ եպս. Աջապահեանը, Մայր Աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հիմնադրոյթներու գրասենեակի տնօրէն Բագրատ եպս. Գալստանեանը, Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալբանդեանը, Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն Յովակիմ եպս. Մանուկեանը, Աւստրալիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաջարեանը, Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքի միաբան Բագրատ վրդ. Պուրճեկեանը, վեհափառ հայրապետի գաւազանակիր Աղան աբեղայ Երնջակեանը, Մայր աթոռի բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանը, Հայաստանեան «Կլոր Սեղան» միջեկեղեցական բարեգործական հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Կարէն Նազարեանը, Մայր աթոռի Համացանցային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Փոլա Տէր Մաթոյեանը, Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի աշխատակից Գոհար Ղալաչեանը, Լոզանի համալսարանէն Անի Ղազարեանը:
Համաժողովին կը մասնակցին 150 երկիրներէ շուրջ 360 եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ պետեր, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական գործիչներ: Համաժողովին ընթացքին Ամենայն հայոց կաթողիկոսը առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ տարբեր եկեղեցիներու առաջնորդներու եւ ԵՀԽ պաշտօնեաներու հետ: